image

Թուրքիոյ մէջ 14 հազար մարդ տուժած է «Ղուրպան Պայրամ»ի տօնակատարութիւններու ժամանակ

Թուրքիոյ մէջ 14 հազար մարդ տուժած է «Ղուրպան Պայրամ»ի տօնակատարութիւններու ժամանակ

Աւելի քան 14 հազար մարդ տուժած է Թուրքիոյ մէջ «Ղուրպան Պայրամ»ի տօնակատարութիւններուն ժամանակ։ Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Քեմալ Մեմիշօղլուն:

Նշուած է, որ անոնք տուժած են կենդանիներու զոհաբերութեան ժամանակ։

«Տօնի առաջին օրուան ընթացքին զոհաբերութեան ժամանակ ստացած վնասուածքներու պատճառով հիւանդանոցներ դիմած է 14 հազար 372 մարդ, որոնցմէ 1049–ը՝ Անգարայի, 753-ը՝ Իսթամպուլի եւ 655-ը՝ Քոնիոյ մէջ», - գրած է ան։

Նախարարը աւելցուցած է, որ կենդանիներու սպանդը պէտք է իրականացնեն մասնագէտները՝ նման միջադէպերէ խուսափելու համար։

Անցեալ տարի տուժած մարդոց թիւը Թուրքիոյ մէջ եղած է գրեթէ 16 հազար։