image

ISIS-ի 60 Ազրպէյճանցի Ահաբեկիչներ Ռաքքայէն Կը Վերադառնան Ղարաբաղի Մէջ Կռուելու Համար

ISIS-ի 60 Ազրպէյճանցի  Ահաբեկիչներ  Ռաքքայէն   Կը Վերադառնան  Ղարաբաղի Մէջ Կռուելու Համար

«South Front» վերլուծական տեղեկատուական կայքը երէկ  յայտնած է, որ ազրպէյճանի քաղաքացի  50-70 ISIS-ի  անդամներ հեռացած են Սուրիոյ Ռաքքայէն, մասնակցելու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղ գտած հակամարտութիւններուն:Աղբիւրը  իր  տեղեկութիւնները ստացած է ռուսական Lifenews կայանէն:Հաղորդագրութեան համաձայն, զինեալները Ազրպէյճան հասած են Թուրքիոյ ճամբով: Ազրպէյճանեան կառավարութիւնը յայտնած է, թէ Սուրիա մեկնած 100 ազրպէյճանցիներ  սպաննուած   ընթացող  պատերազմին  ընթացքին: Յիշեցնենք, որ 2 ապրիլին, ազրպէյճանական ուժերը  լայնածաւալ եւ աննախընթաց  ռազմական գործողութիւններ սկսած էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ: