Նաեւ կը յիշեցուի թէ Ժողովուրդներու Հաւասարութեան Կուսակցութիւնը Վանի եւ շրջակայ 14 գաւառներու բոլորն ալ նուաճելով մեծ յաղթանակ մը տարած էր։ Ընտրեալ քաղաքապետի % 55,48 տոկոսի փոխարէն, իշխանութեան թեկնածու Ապտուլահատ Արվաս հազիւ 27 տոկոս ստանալով այժմ կը տիրանայ քաղաքապետի աթոռին։
Իսկապէս մտահոգիչ է պատկերը, քանի որ բացառուած չէ թէ ԱԶԿ նման կեղծիքներով եւ թակարդներով սպառնայ քրտամէտ շարժումի նուաճած այլ քաղաքապետարաններուն։
Բան մը՝ որ տեղի ունեցաւ նախորդ ընտրութիւններուն եւս եւ կեղծ մեղադրանքներով յափշտակուեցաւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան նուաճումները։
Իշխանութեան մը համար ամենացաւալի, իսկ ժողովուրդի համար ամենամտահոգիչ երեւոյթը կը գոյանայ ճարահատութեան յայտնութիւնով։ Ափսոս որ 31 Մարտի ընտրութիւններէն ետք ծանր պարտութիւն կրած Էրտողանի իշխանութիւնը, իր մատնուած ճարահատութեան մէջ անգամ մը եւս կը դիմէ անօրինութեան, ապօրէն կերպով չեղարկելով ընդդիմադիրներու նուաճումները։
Այս տեսակի զարգացում մը կայացաւ Վանի քաղաքապետ Ապտուլլահ Զէյտանի դէմ։ Վերջինս ընտրութեան աւարտին ապահոված էր յստակ յաղթանակ մը, ձեռք բերելով ձայներուն % 55,48-ը։
Նախորդ ընտրութիւններու ժամանակ կառավարութիւնը ըրած էր նոյնը եւ քրտամէտ կուսակցութեան նուաճած համարեա բոլոր քաղաքապետարաններուն միջամտած էր կեղծ մեղադրանքներով եւ ընտրուածներուն փոխարէն նշանակած էր տեղապահներ։
Այս անգամ ալ թեկնածութեան համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները լրացուցած թեկնածուն, երբ ընտրուեցաւ իսկոյն ի գործ դրուեցաւ ընտրութենէն երկու օր առաջ Արդարադատական նախարարութեան որոշումը եւ վերացուեցաւ Ապտուլլահ Զէյտանի օրինական իրաւասնութիւնները։
Այս որոշումէն ետք Վանի ընտրութեան խորհուրդի որոշումով քաղաքապետի աթոռը յանձնուած է ԱԶԿ-ի թեկնածուին։
Խորհուրդի նախագահ Մուրատ Ալթունտերէ առարկած է այս կարգադրութեան։ Ապտուլլահ Զէյտանի իրաւապաշտպանը Մահսունի Քահրաման կը յայտնէ թէ կատարուածը աննախադէպ է եւ առաջին անգամ է, որ դատարանը նման որոշում կը կայացնէ։
Այս որոշումի հրապարակումէն ետք ընտրողներ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Ժողովրդավարութեան ու Հաւասարութեան Կուսակցութեան կեդրոնական շէնքի առջեւ։ Ոստիկանութիւնը իսկոյն միջամտեց արցունքաբեր կազերով եւ ջրցան մեքենաներով։ Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան Նախագահ Էօզկիւր Էօզէր եւս բողոքեց այս որոշումը, յայտնելով թէ կատարուածը վանեցի ընտրողներու կամքի անտեսումն է։
ՏԵՄ կուսակցութեան բանբերը եւս դատապարտեց կատարուածը, յիշեցնելով որ Զէյտան իրաւական բոլոր կարգադրութիւնները աւարտած ըլլալով հանդերձ Արդարադատական նախարարութեան ապօրէն որոշումով կը զրկուի ընտրուելու իրաւունքէն։ «Քրտական խնդրի լուծումը բռնութեան միջոցներով որոնելով սխալուեցաք եւ կը շարունակէք այդ սխալը կրկնելու» ըսաւ Այշէկիւլ Տողան։
Նաեւ կը յիշեցուի թէ Ժողովուրդներու Հաւասարութեան Կուսակցութիւնը Վանի եւ շրջակայ 14 գաւառներու բոլորն ալ նուաճելով մեծ յաղթանակ մը տարած էր։ Ընտրեալ քաղաքապետի % 55,48 տոկոսի փոխարէն, իշխանութեան թեկնածու Ապտուլահատ Արվաս հազիւ 27 տոկոս ստանալով այժմ կը տիրանայ քաղաքապետի աթոռին։
Իսկապէս մտահոգիչ է պատկերը, քանի որ բացառուած չէ թէ ԱԶԿ նման կեղծիքներով եւ թակարդներով սպառնայ քրտամէտ շարժումի նուաճած այլ քաղաքապետարաններուն։
Բան մը՝ որ տեղի ունեցաւ նախորդ ընտրութիւններուն եւս եւ կեղծ մեղադրանքներով յափշտակուեցաւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան նուաճումները։
Ցաւալի է, որ իշխանութիւնը իր մատնուած անելէն դուրս գալու այլ եղանակներ չի կրնար գտնել եւ կրկին անգամ կը դիմէ իր պարտութեան պատճառ դարձած անօրինութիւններուն։
Յայտնի է որ երկրէ ներս լիիրաւ արդարութիւն կերտելու համար հարթելու տակաւին երկար ճանապարհ ունինք։
Բագրատ Էսդուգեան
Նիւթը՝ «Ակօս»էն / Պոլիս