image

Քրեմլ կը հերքէ Ասատի մասին տարածուած լուրերը

Քրեմլ կը հերքէ Ասատի մասին տարածուած լուրերը

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, մեկնաբանելով Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի կնոջ՝ Ասմա Ասատի՝ «Ռուսիոյ Դաշնութենէն հեռանալու համար յատուկ թոյլտւութիւն խնդրելու» մասին հաղորդագրութիւնը, ըսած է, որ այդ ճիշդ չէ։ Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Ոչ, այդ չի համապատասխաներ իրականութեան», -ըսած է Փեսքովը՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն առ այն, թէ արդեօք Ասատի կինը որոշած է ամուսնալուծուիլ, կ՚ուզէ Ռուսիայէն հեռանալ, եւ որ նախկին նախագահի տեղաշարժը Ռուսիոյ մէջ սահմանափակուած է, իսկ անոր ունեցուածքը՝ սառեցուած։

Աւելի վաղ որոշ թրքական ԶԼՄ-ներ գրած էին, որ Ասմա Ասատը կը պատրաստուի ամուսնալուծուիլ ու մեկնիլ արտերկիր: