Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որու մօտ «քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է, կը նախատեսէ մասնակցիլ ԵԱՏՄ գագաթաժողովին, որ պիտի ընթանայ Լենինկրատի մարզին մէջ, տեսակապով։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին տեղեկացուցած է աղբիւրը՝ գագաթաժողովէն։
«Փաշինեանի մասնակցութիւնը կ՚ակնկալուի տեսակապով»,-ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։
Չորեքշաբթի ՀՀ վարչապետը տեղեկացուցած էր, որ «քորոնա» ժահրի իր քննութիւնը նորէն դրական արդիւնք ցոյց տուած է, ուստի ան պիտի աշխատի սահմանափակումներով։ Աւելի վաղ չորեքշաբթի Փաշինեանը հրաժարած էր մեկնիլ ԱՊՀ ոչ պաշտօնական գագաթաժողովին Լենինկրատի մարզին մէջ, «քորոնա» ժահրի դրական քննութեան պատճառով։