image

Հաւատարիմ ենք ՀՀ եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան. Գերմանիոյ ԱԳՆ

Հաւատարիմ ենք ՀՀ եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան. Գերմանիոյ ԱԳՆ

Գերմանիան հաւատարիմ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան. այս մասին գրուած է Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան X-ի էջին:

«Մէկ տարի առաջ Լեռնային Ղարաբաղը կրկին յայտնուեցաւ ռազմական հակամարտութեան թատերաբեմին։ Հազարաւոր մարդիկ լքեցին իրենց տուները՝ տեղափոխուելով Հայաստան: Այդ ժամանակէն ի վեր Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շարունակաբար աշխատած են կողք կողքի ապրելու համար եւ սկսած են խաղաղ բանակցութիւններ։ 

Մենք հաւատարիմ ենք երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։ Մենք կ՚աջակցինք կայուն խաղաղութեան ուղղուած ջանքերուն։ Այսօր Անալենա Պերոպքը հայ գործընկերոջ՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ քննարկած է՝ ինչպէս հասնիլ այդ նպատակին», -ըսուած է գրառման մէջ: