image

Ուքրանիոյ տագնապ. Ֆրանսան «փակ խողովակներ»ով Ռուսիոյ առաջարկ կատարած է

Ուքրանիոյ տագնապ. Ֆրանսան «փակ խողովակներ»ով Ռուսիոյ առաջարկ  կատարած է

Ռուսիան Ֆրանսայէն առաջարկներ ստացած է ուքրանական հակամարտութեան շուրջ երկխօսութիւն սկսելու վերաբերեալ՝ առանց Քիեւի մասնակցութեան, ռուսական եւ արտասահմանեան լրատվամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին ըսած է արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։

«Քանի մը անգամ փակ խողովակներով մեր ֆրանսացի գործընկերներու կողմէ հնչած են կոչեր: «Եկէք օգնենք, երկխօսութիւն հաստատենք ուքրանական հարցի շուրջ», ի դէպ, առանց Ուքրանիոյ»,-ըսած է Լաւրովը

Լաւրովը նաեւ նշած է, որ նման ազդակները Փարիզէն ստացուած են, խախտելով արեւմտեան կանոնը՝ «Ուքրանիոյ մասին ոչ մէկ խօսք առանց Ուքրանիոյ»։

«Միեւնոյն ժամանակ Ֆրանսան նաեւ հանդէս կու գայ որպէս Ուքրանիա խաղաղապահներ ուղարկելու նախաձեռնող, իր մօտ կը պատրաստէ ուքրանացի զինուորներ»,-աւելցուցած է Լաւրովը: