image

Ուքրանիոյ ժողովուրդը արժանի է խաղաղութեան մէջ ապրելու. Պայտըն

Ուքրանիոյ  ժողովուրդը արժանի է խաղաղութեան մէջ ապրելու. Պայտըն

Ուքրանացի ժողովուրդն արժանի է ապրելու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ, եւ Միացեալ Նահանգները միջազգային հանրութեան հետ միասին պէտք է շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ։

Յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը․

«Սուրբ Ծննդեան օրը Ռուսիան շարք մը հրթիռային եւ անօդաչու սարքերով հարուածած է Ուքրանիոյ քաղաքները եւ կարեւոր ուժանիւթային ենթակառուցուածքներ: Այս աղաղակող յարձակման նպատակն է ձմրան եղանակին ուքրանացի ժողովուրդը զրկել ջերմութենէն եւ ելեկտրականութենէն եւ վտանգած ելեկտրացանցերու անվտանգութիւնը:

Կ՚ուզեմ յստակ ըսել. ուքրանացի ժողովուրդն արժանի է ապրելու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ, եւ Միացեալ Նահանգները միջազգային հանրութեան հետ միասին պէտք է շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ, քանի դեռ երկիրը չէ տապալած ռուսական յարձակումը:

Վերջին ամիսներուն Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ տրամադրած է հակաօդային պաշտպանութեան հարիւրաւոր հրթիռներ, որոնցմէ շատերը ճանապարհին են։ Ես պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնարարած եմ արագցնել զէնքի մատակարարումները Ուքրանիոյ, եւ Միացեալ Նահանգները անխոնջ պիտի աշխատի ամրապնդելու Ուքրանիոյ դիրքերը ռուսական ուժերէն պաշտպանուելու հարցով»: