image

ԱՄՆ-ի մէջ մահացած է Ֆէթհուլլա Կիւլէնը. Ան Էրտողանեան իշխանութեան առաջին ճարտարապետն էր

ԱՄՆ-ի մէջ մահացած է Ֆէթհուլլա Կիւլէնը. Ան Էրտողանեան իշխանութեան առաջին ճարտարապետն էր

Թուրքիոյ մէջ արգիլուած FETO կազմակերպութեան հիմնադիր, թուրք իսլամական քարոզիչ, նախկին իմամ Ֆէթհուլլա Կիւլէնը, որ Թուրքիոյ մէջ կը մեղադրուէր 2016 թուականին յեղաշրջման փորձ կազմակերպելու մէջ, մահացած է, կը գրէ «Hürriyet» թերթը։

«Մահացեր է FETO-ի առաջնորդ Ֆէթհուլլա Կիւլէնը, որ կ՚ապրէր ամերիկեան Փենսիլվանիա նահանգին մէջ»,- գրած է պարբերականը:

Թրքական իշխանութիւնները կը մեղադրեն Կիւլէնի կազմակերպութիւնը, որուն անոնք կ՚անուանեն FETO (Ֆէթհուլլահիստական ​​ահաբեկչական կազմակերպութիւն), 2016 թուականի յուլիսեան յեղաշրջման փորձին ներգրաւուածութեան մէջ։ Թուրքիոյ մէջ ապստամբութենէն ետք ձերբակալուած է աւելի քան 80 հազար մարդ, շուրջ 150 հազար պետական ​​ծառայողներ, այդ շարքին՝ զինուորականներ, աշխատանքէն ազատուած են։ Ինքը՝ Կիւլէնը, որ կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ, դատապարտած է յեղաշրջման փորձը եւ մերժած իրեն առաջադրուած մեղադրանքները։