image

Իրմային Ժպիտը

Իրմային Ժպիտը

«Որպէս մի ծաղիկ հողից դուրս ելայ
Կեանքին ժպտացի, անցայ գնացի»:

Գուսան Շահէն

Իրմային (Տէտէեան) կանխահաս մեկնումը կը խտացուի այս երկտողին մէջ:

Մահուան բօթը երբ կարդացի Դիմատետրին մէջ, 42 տարուան բարեկամութեան պատկերներու տողանցք մը անցաւ: Կարծես նստած եմ մեթրոյի մը մէջ, դուրսը պատկերները կը սահին արագօրէն, նոյն արագութեամբ ալ կը տողանցեն ամբողջ 42 տարիներու պատկերներ` Սրբուհի Շուշան վարժարան, ասմունքի մրցում, բանաստեղծութիւն, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ, ընտանեկան խրախճանքներ,  «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայան, Աբգարեան վարժարան, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւն, Ճեմարան, «Խաչեր Գալուստեան» հիմնարկ, նոր տուն, Քանատա, գիրքի շնորհահանդէս, լաւ մայր, լաւ կողակից, քոյր ու զաւակ…

Իրմային առանձնայատկութիւնը իր ժպիտն էր:

Չկայ մէկը, որ այսքան բազմաբնոյթ եւ բազմածաւալ տեղեր ու շրջանակներու մէջ գործէ, իր դրոշմը ձգէ եւ ուրախ ու խաղաղ բաժնուի: Ժպիտով մտնէ, ժպիտով աշխատի, ժպիտով բաժնուի: Ինքզինք պարտադրէ` առանց ժխտական կեցուածքի: Ինքնուրոյն մնայ եւ` նոյն ալիքին վրայ: Փոքրին հետ փոքրիկի ժպիտով, հասակակիցներուն` իրենց յարմար ժպիտով, տարեցներուն, մանաւանդ իր մեծ մօր` գուրգուրանքի ժպիտով, տան անդամներուն` սփոփանքի ժպիտով:

Կան մարդիկ, որոնց հետ կրնաս տարիներով չխօսիլ, նոյնիսկ կապ չունենալ անոնց հետ, բայց երբ հանդիպիս, նոյն ջերմ ու տաքուկ վերաբերմունքովդ բաժանումի օրէն կը վերսկսին կապերը նոյն տեղէն` առանց որեւէ բացութիւն կամ պակաս բան մը զգալու:

Իրման կորսնցուցինք, ժամանակ կ՛ուզէ` համոզուելու, յարմարելու, վարժուելու եւ ընդունելու անոր բացակայութիւնը:

Իրմային ժպիտին մէջ կը խտացուէր ամէն բան` սէր, ընտանիք, հայոց լեզու, կրօն, ազգ, ընկերութիւն, կը խտացուէր նաեւ յարգանք մեծերուն ու արժէքներուն նկատմամբ:

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան տարիներուն ամբողջ երկու տարուան ընթացքին աւելի քան 120 շաբաթական ժողովներու, ձեռնարկներու, հիւրերու ընդունելութեան, ներկայացումներու ատեն Իրմային ներկայութիւնը կը փնտռէինք միշտ: Հակառակ իր գործին` «Վանայ ձայն» եւ Աբգարեան վարժարան պաշտօնավարութեան, ընտանեկան պատասխանատուութիւններուն նկատմամբ իր բծախնդրութեան` Իրման ոչ մէկ ժողովէ կը բացակայէր, աւելի՛ն, գրեթէ միշտ ալ ձեռնարկներու կազմակերպման պարտականութիւնը կը ստանձնէր:

Կարելի է բոլոր բնագաւառներուն մէջ ալ իր խստապահանջ, անանձնական եւ ամբողջական նուիրումին մասին գրել եւ յիշատակել:

Սակայն այսօր պարզապէս ուզեցի թուղթին յանձնել այն, ինչ որ կը զգամ ու վստահ եմ, որ ինծի նման անոր հետ աշխատած բազմաթիւ գործընկերներ կը վկայեն Իրմային նկարագիրին լաւ եւ ինքնուրոյն կէտերը:

Եզրակացութիւն` Իրման կորսնցուցինք:

Իրմային ժպիտը պիտի կարօտնանք:

Իրմային պատկերը միշտ պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ:

Եւ ինչպէս մուտքին մէջ մէջբերած էի, Իրման ժպտեցաւ կեանքին ու անցաւ գնաց…

 

Յակոբ Լատոյեան

«Ազդակ»