ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւ Սպիտակ տան հեռացող ղեկավար Ճօ Պայտընը յուշագիր ստորագրած են, որով կը մեկնարկէ երկրի մէջ իշխանութեան փոխանցման շրջանը՝ ընտրութիւններուն հանրապետականներու յաղթանակէն ետք։ Այս մասին յայտնած է Թրամփի անցումային խումբը։
Որպէս կանոն՝ անցումային գործընթացը կը սկսի ընտրութեան արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք: ԱՄՆ-ի ընդհանուր ծառայութիւններու վարչութիւնը մինչեւ նոյեմբեր 9-ը «ակնյայտ» յաղթողին կը տեղեկացնէ իշխանութեան փոխանցման համար միջոցներու, գրասենեակի եւ այլ միջոցներու յատկացման մասին: Նախորդ ընտրական շրջանին այս գործընթացը ձգձգուած էր Թրամփի՝ պարտութիւնն ընդունելէ հրաժարելու պատճառով։
Այս տարի Պայտընի վարչակազմն անմիջապէս յայտարարած է իշխանութիւնը խաղաղ ճանապարհով փոխանցելու պատրաստակամութեան մասին։
Թրամփի անցումային խումբը աւելի վաղ յայտարարած էր հարկատուներու գումարները խնայելու եւ նուիրատւութիւններու միջոցով աշխատելու որոշման մասին: Այն նաեւ չի նախատեսեր ընդունիլ օտարերկրեայ նուիրատւութիւններ եւ օգտագործել պետական գոյքը, արհեստագիտութիւնը կամ այլ դաշնային սեփականութիւն:
ԱՄՆ Քոնկրեսի նոր կազմը նախագահի ընտրութեան արդիւնքները պաշտօնապէս պիտի հաստատէ 2025 թուականի յունուար 6-ին։ Տանըլտ Թրամփի երդմնակալութիւնը նշանակուած է 2025 թուականի յունուար 20-ին։