image

Րաֆֆիի գրականութեան լոյսին տակ. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Րաֆֆիի գրականութեան լոյսին տակ. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Բար­բա­րոսու­թեան այդ պատ­կե­րը շատ յստակ դի­տեցինք, երբ ամե­րիկա­ցի զի­նուոր­ներ կը թա­լանէին Պաղ­տա­տի Ազ­գագրա­կան Թան­գա­րանը։

Րաֆ­ֆիի թե­լադ­րած ինքնավստա­հու­թեան եւ ինքնա­պաշտպա­նու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը շատ աւե­լի շեշ­տուած է այ­սօր։

Թո­ղէք արեւմտա­մէտ կամ ռու­սա­մէտ հա­կումնե­րը, քա­նի որ ընե­լիք շատ բան ու­նինք լոկ հա­յամէտ ըլ­լա­լով։

 

 

ԺԹ դա­րու երկրորդ կէ­սին մեկ­նարկող հայ­կա­կան լու­սա­ւորու­թեան մէջ շատ կա­րեւոր գոր­ծօն մը եղած է գրա­կանու­թեան ժո­ղովրդա­կանա­ցու­մը։ Դպրո­ցաշի­նու­թեան, հա­սարա­կական զար­գացման այդ փայ­լուն շրջա­նին բազ­մա­թիւ պար­բե­րական մա­մուլ, օրա­թերթ կամ շա­բաթա­թերթ իր սիւ­նակնե­րը բա­ցած է գրա­կանու­թեան։ Հիմ­նա­կանին հայ հե­ղինակ­նե­րու եւ ապա թարգմա­նական գրա­կանու­թեան ըն­տիր օրի­նակ­ներ թեր­թօ­նի ձե­ւով հա­սած են ըն­թերցող­նե­րու լայն շրջա­նակի մը։

Վիպա­գիր Րաֆ­ֆիի վէ­պերն ալ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով լոյս տե­սած են Թիֆ­լի­սի հայ­կա­կան թեր­թե­րուն մէջ։

Վեր­ջին տա­րինե­րուն մո­ռացո­ւած այս աւան­դոյթը վեր­յի­շեցինք «Ակօս»ի խմբագ­րա­կազ­մի հետ կա­տարո­ւած խորհրդակ­ցա­կան ժո­ղովի ըն­թացքին։ Այդ օր մեր գլխա­ւոր օրա­կարգն էր շա­բաթա­թեր­թի լրա­տուու­թիւնը ամե­նօրեայ թար­մա­ցու­մով եւ հա­մացան­ցի մի­ջոցաւ ըն­թերցողին փո­խան­ցե­լու մի­ջոց­նե­րու որո­նու­մը։

Յայտնի իրո­ղու­թիւն է թէ տպա­գիր մա­մու­լը հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ ակ­նե­րեւ նա­հանջ մը կ՚ապ­րի։ Բա­ցառուած չէ նաեւ մեր թեր­թի պա­րագան։

Տպո­ւած իւ­րա­քան­չիւր թեր­թի վա­ճառ­քը յա­ւելեալ վնաս մըն է մա­նաւանդ, երբ ան փոս­թա­յին դրու­թեամբ պի­տի հաս­նի բա­ժանորդ ըն­թերցո­ղին։ Այստեղ թուղթի կամ տպագ­րութեան ծախ­սե­րու վրայ կը բար­դո­ւի առաք­ման գու­մա­րը, որ ինքնին կը գե­րազան­ցէ թեր­թի փո­խար­ժէ­քը։

Այս ընդհա­նուր պատ­կե­րին մէջ անհրա­ժեշ­տութիւն կը դառ­նայ առ­ցանց տար­բե­րակը, որ աւե­լի հա­սանե­լի է ըն­թերցող­նե­րուն։ Հե­տեւա­բար այժմ մենք ալ տպա­գիր թեր­թի կող­քին ելեկտրո­նային տար­բե­րակը ալ աւե­լի զար­գացնե­լու եւ այսպէ­սով նոր բա­ժանորդներ գրան­ցե­լու կ՚աշ­խա­տինք։

Իմաս­տա­լից կը թո­ւի այս որո­նումնե­րու մէջ Րաֆ­ֆիի գրա­կանու­թեան վերհրա­տարա­կու­մը։ Անոր խօս­քը կը պա­հէ իր այժմէակա­նու­թիւնը, քա­նի որ անոր գլխա­ւոր խրատն է ինքնա­պաշտպա­նու­թիւնը։

Ո՛չ միայն մենք, Վրաս­տա­նի օրի­նակով կը տես­նենք թէ զա­նազան եր­կիրներ մատ­նո­ւած են եր­կընտրան­քի մը դի­մաց, որո­շելու հա­մար երկրի զար­գացման ու­ղին։

Արեւմտա­մէտ կո­չուած հա­կու­մը վեր­ջին եր­կու դա­րերուն իբ­րեւ բար­գա­ւաճում եւ զար­գա­ցում ըլ­լա­լով ըն­կա­լուե­ցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Ճիշդ է որ աշ­խարհի քար­տէ­զի արեւմտեան հա­տուա­ծը աւե­լի զար­գա­ցած պատ­կեր մը կը ներ­կա­յաց­նէ, բաղ­դատմամբ արե­ւելեան կի­սուն, ինչպէս հիւսիսային կիսագունդը բաղդատմամբ հարաւայինին։ Բայց ան­դին այդ նոյն արեւ­մուտքին մէջ կը տես­նենք հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքակրթու­թեան բո­լոր կու­տա­կումնե­րէն զուրկ, նոյ­նիսկ բար­բա­րոսա­կան մշա­կոյթ մը։

Բար­բա­րոսու­թեան այդ պատ­կե­րը շատ յստակ դի­տեցինք, երբ ամե­րիկա­ցի զի­նուոր­ներ կը թա­լանէին Պաղ­տա­տի Ազ­գագրա­կան Թան­գա­րանը։

Րաֆ­ֆիի թե­լադ­րած ինքնավստա­հու­թեան եւ ինքնա­պաշտպա­նու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը շատ աւե­լի շեշ­տուած է այ­սօր։

Թո­ղէք արեւմտա­մէտ կամ ռու­սա­մէտ հա­կումնե­րը, քա­նի որ ընե­լիք շատ բան ու­նինք լոկ հա­յամէտ ըլ­լա­լով։

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»