Ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցուի Հայաստան բնական կազի մատակարարումը Վրաստանի տարածքին մէջ վթարավերականգնողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութեամբ պայմանաւորուած, այս մասին յայտնած են «Գազպրոմ Արմենիա» ընկերութենէն:
«Հիւսիսային Կովկաս-Անդրկովկաս» տարանցիկ մայրուղային կազատարի «Ղազախ — Սագուրամո» (DN 1000) մայրուղային կազատարի 125 քմ հատուածին մէջ (ՀՀ սնող) վթարավերականգնողական աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով դեկտեմբեր 26-ին ժամը 13:00-էն 19:00-ը պիտի դադրեցուի Հայաստան բնական կազի մատակարարումը:
Նշուած ժամանակահատուածին հանրապետութեան սպառողներու անխափան եւ յուսալի կազամատակարարումը պիտի իրականացուի առանց սահմանափակումներու՝ ներքին պաշարներու ծաւալներու հաշուոյն: