Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան, օրերս, պաշտօնական այցով մեկանած է Տըհոք, ուր հանդիպում ունեցած է Քիւրտիստանի Ժողովրդավարական կուսակցութեան Տհոքի մարզի նորանշանակ պատասխանատու Սարպաստ Լազկինի հետ։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
Հինգշաբթի օր, Յունուար 23-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, ընկերակցութեամբ Թեմիս արժանապատիւ քահանայ հայրերուն, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին և անդամներուն ինչպէս նաեւ Թաղական խորհուրդներու ատենապետներուն եւ անդամներերուն`այցելեց Քիւրտիսդանի Տեմոգրաթ կուսակցութեան Տհօքի Մարզի պատասխանատու պարոն Սարպաստ լազկինին, շնորհաւորելու անոր և բարեմաղթանքներ յայտնելու նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով։
Իր հերթին Պարոն Լազկինին խորազգաց երախտագիտութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր պատուաբեր այցելութեան համար։