image

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանի այցը՝ «Ազդակ»

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանի այցը՝  «Ազդակ»

  Օրերս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան   այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ։

Սրբազանին հետ ծաւալած զրոյցը կը վերաբերէր «Ազդակ»-ի 100-ամեակին ընդառաջ ծրագրուուղ եւ ի գործ դրուած աշխատանքներուն, յատկապէս արխիւի մատենագիտութեան պատրաստութեան, գրեթէ հարիւրամեակ մը առաջ մեկնարկած թերթօններու հաւաքման ու հրատարակութեան եւ այլ ձեռնարկներու։

Սրբազանը յատուկ կերպով անդրադարձաւ իրենց շրջանին մէջ «Ազդակ»-ի հետեւորդներու մեծ լսարանին՝ ընդգծելով յատկապէս «Ազդակ»-ի ճամբով լիբանանահայութեան հաւաքական կեանքին իրազեկ դառնալու երեւոյթը։

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն