image
Հրատապ լուրեր:

Իրանեան զօրավարժութիւնները ընթացք առին

Իրանեան զօրավարժութիւնները ընթացք առին

Իրանի հիւսիսարեւմտեան հատուածին մէջ ցամաքային զօրքերու զօրավարժութիւններ սկսած են, որոնք ստացած են «Հայպարի նուաճողները» անուանումը։

Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին զրահատանկային ստորաբաժանումներ, հրետանի, անօդաչու թռչող սարքեր ցամաքային զօրքերու ռազմաօդային ուժերու ուղղաթիռներու աջակցութեամբ:

Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատարը, զօրավար Քիոմարս Հէյտարի յայտնած է, որ վարժանքներու ընթացքին նախ Իրանի ցամաքային զօրքերու անօդաչու թռչող սարքերը տարածքի ընդհանուր նոյնականացում իրականացուցած են, ապա տեղեկութիւնը ուղարկուած է հրամանատարական կէտ, իսկ արագ արձագանգման 25-րդ զօրախումբը զօրավարժութիւններ կատարած է։