Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը դատարանի որոշմամբ պիտի վերականգնուի Մասսեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնին՝ մինչեւ վերջնական դատական որոշման կայացումը: Այս մասին Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը յայտնած է «Լուրեր»-ուն։
Յունուար 16-ին յայտնի դարձաւ, որ Մասսեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն ազատուած Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը դատի տուած է Մայր Աթոռը։ Հայց մակագրուած է Արմաւիրի մարզի դատաւոր Էդգար Յովհաննիսեանին, որ նաեւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ է։
Հայցուորը Մայր Աթոռէն կը պահանջէ անվաւեր ճանչնալ Կաթողիկոսի որոշումը եւ իրեն վերականգնել Մասսեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնին։