image

Քոքքինիա. Հայ Աւետարանական Եկեղեցին նշեց Սուրբ Ծննդեան Տօնը

Քոքքինիա. Հայ Աւետարանական Եկեղեցին նշեց Սուրբ Ծննդեան Տօնը

Օրերս Յունաստանի Քոքքինիա քաղաքին մէջ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին նշած է Սուրբ Ծննդեան օրհնաշատ տօնը։ 

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։ 

Քոքքինիոյ Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ Սբ. Ծննդեան պաշտամունքին (6 Յունուար 2026ին) մասնակցեցան Ա.Մ.Ն.ի գործակից եկեղեցիներէն եկած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, Christian Church (Disciples of Christ)-էն՝ Վեր. Դոկտ. Մարքօ Քէյպըլ, United Church of Christ-էն՝ Վեր. Շարի Փրեսթէմոն եւ Global Ministries Board-էն՝ Դոկտ. Փիթըր Մաքարի։ Անոնք Վեր. Վիգէն Չոլաքեանի թարգմանական օգնութեամբ ողջոյնի եւ զօրակցութեան խօսք փոխանցեցին ժողովուրդին։ Ի միջի այլոց՝ յիշեցին թէ Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ամենէն երկար գործակցութիւն ունեցող եկեղեցին ՄԱՀԱԵՄ-ն է։