Օրերս Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է տեղի ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Վարժարանի նուիրեալ ուսուցիչներէն՝ Տիար Տարօն Մալոյեան։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողաց կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած հակիրճ մահագրականը։
Խոր վիշտով կը գուժենք, մեր վարժարանի երկարամեայ վարորդ՝ Պրն. Տարօն Մալոյեանի մահուան տխուր լուրը։ Ան մեր դպրոցին մէջ ծառայած է աւելի քան 40 տարիներ։ Պրն. Տարօնը սիրուած անձ մըն էր մեր ամբողջ աշխատակազմին կողմէ։ Տարիներու ընթացքին, ամէն օր անձնուիրաբար՝ հազարաւոր աշակերտներ դիմաւորած է։ Անոր ճշդապահութիւնը օրինակելի է․ միշտ ժամանակին, իր պաշտօնին վրայ, անկախ երթեւեկութեան դժուարութիւններուն կամ եղանակի պայմաններուն։ Պրն. Տարօնը պարզապէս հանրակառքի վարորդ մը չէր։ Ան դարձած էր ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Վարժարանի խորհրդանշական դէմքերէն մէկը․ նուիրուած մարդ, որ միշտ պատրաստ էր ծառայելու մեր դպրոցին՝ մեծ հպարտութեամբ ու նուիրումով։ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Վարժարանի մեծ ընտանիքը, իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք պատիւը ունեցած են զինք ճանչնալու։