image

Կեանքս գաղտնի

Կեանքս գաղտնի

Իմ մանկունակ մտքիս կոկոն, 

ու ներաշխարհ կեանքիս առջեւ, 

Կային անվերջ, թէեւ անգոյ,

բայց հիասքանչ ողջ պատկերներ. 

Երազանքներ էին շարուած,

ներկայ կեանքիս իմացական, 

Ապրումներով լի շղթայուած, 

մտքէս՝ սրտիս ճամբուն վրան։

 

 

Ու չիմացայ, ինչպէս շուտով 

հասայ տարիքիս պատանի,

Եւ իմ միտքըս անիրական

տեսաւ պարտէզ մը տենչալի,

Գաղտնի ուղղիչ ձգտումներով,

համակրանքով ապագայի,

Ան որոշեց անխօս մեծնալ,

գողնալով կեանք՝ կեանքէս գաղտնի։

 

 

Եւ ժամանեց իմ վերահաս,

հասուն կեանքըս աշխարհական, 

Բայց ինչո՞ւ դեռ եւըս ունիմ,

նոր կապանքներ զգայնական, 

Ահա հոս եմ, ներկայ կամքիս, 

ապագայիս տէրըն ըզբաղ, 

Ինչո՞ւ եմ դեռ, կեանք սիրելի, 

հակած՝ գաղտնիքին անսըւաղ։

 

 

Ահաւասիկ ծերութեանըս՝

հատած է ապագաս արդէն,

Իսկ ինքնաբեր պատկերներըս,

լոկ անցեալըս կը յիշեցնեն.

Ուստի, ի դերե՞ւ ապրեցայ

համայն կեանքըս հաւատալի, 

Չհասկցայ թէ ես ինչպէ՜ս

թողեցի այս կեանքը յոյսի՝

Խլէ ինձմէ երազներըս,

երազանքովը իր գաղտնի։

 

 

Ինչո՞ւ կ'ապրինք երազանքներ,

եթէ ետ մանկանան պիտի, 

Ճակատագիրն ա՞յս է միթէ,

բացատրէ՛ ինձ, կեանք իմ գաղտնի։

ԿԱՅԼԱԿ

(Դեկտ. 25, 2012)

 

Կայլակ

 

«Սէր ու Կրակ» գիրքէն

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...