image

«Ինծի համար հայրենիք ՝Հայաստանը ամէն ինչէ աւելի է, կեանք է».Տօքթ.Ռաֆֆի Ճանէցեան

 «Ինծի համար հայրենիք ՝Հայաստանը ամէն ինչէ աւելի է, կեանք է».Տօքթ.Ռաֆֆի Ճանէցեան

Ես Հայաստանը կը համարեմ այն երկիրը, ուր ամէն ինչ կայ: Եթէ կ'ուզես արեւելքը տեսնել, Հայաստանի մէջ շատ հանգիստ կրնաս արեւելքը զգալ ու տեսնել, իսկ եթէ արեւմուտքը կ'ուզես տեսնել իր արժէքներով, շատ հանգիստ կը տեսնես: Սար կ'ուզես կայ, ձոր, ջուր, ամէն ինչ կայ: Նաեւ ժողովուրդը շատ բարեացակամ: Հայաստանը այն երկիրն է, ուր պէտք է երազել ապրիլ: Ես ուրախ եմ որ Հայաստան կ'ապրիմ, եւ հաստատ ուրիշ տեղ չեմ ապրիր: Ես կը հաւատամ, որ ամէն հայ պէտք է ապրի իր հայրենիքի մէջ: Խօսքէն արդէն գործի պէտք է անցնիլ, քայլ պէտք է առնել Հայաստան փոխադրուելու, գործ հիմնելու, հայրենադարձութիւն կազմակերպելու, եւ զարգացնելու մեր երկիրը: Պէտք է մեր մտքին մէջ այնպիսի Հայաստան երազել, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատիլ, որպէսզի դառնայ այն երկիրը, ուր բոլոր հայերը ուզեն գալ ու ապրիլ»։ 

 

Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան «Կեանքը Հայրենիքում» ծրագիրը, Սուրիահայ հայրենադարձներու նուիրուած շարքի ծիրէն ներս, իր թողարկումներէն մին նուիրած է հայրենադարձ բժիշկ՝ Ռաֆֆի Ճանեցեանին: 

 Տօքթ. Ռաֆֆի Ճանէցեան հաստատուած է Հայաստան 1990-ին ու շնորհիւ իր ունակութիւններուն եւ կարող բժիշկի հմտութիւններուն կարողացած է ստեղծել ոչ միայն լաւ անուն, այլ ունեալ բարեկամներու մեծ շրջանակ մը։

 

 Ճանէցեան ուշագրաւ մտքերով հանդէս եկած է այդ յայտագրէն, որմէ կ՚առանձնացնենք ստորեւ մեր կողմէ սղագրուած գաղափարաները։

«Իւրաքանչիւր մասնագիտութիւն ունի իր դժուարութիւնները: Բժշկութեան պարագային մեծ պատասխանատուութիւն կայ, որովհտետւ որեւէ սխալ կը յանգի մեծ կորուստներու: Մեր աշխատանքին մէջ կայ հոգեկան հաճոյք, մարդոց օգնելու եւ անոնց կեանքի որակը բարձրացնելու ճիգ»։

Ան անդրադառնալով իր ծննդավայր Սուրիոյ ըսած է,-«Մեր նախնիները Ցեղասպանութենէն ետք, այդ զարհուրելի օրերուն, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանը հատած են, սակայն նոյն այդ սահմանին վրայ ստեղծած հայկական գիւղեր, որպէսզի շատ արագ վերադառնան իրենց հայրենիք: Սա արդէն հայրենաբաղձութեան մեծագոյն օրինակն է: Ես այդպիսի միջավայրի մէջ մեծցած եմ, կարօտի զգացողութիւն Հայաստանի նկատմամբ, հայեցի դաստիարակութիւն, մենք հայերէն կը խօսէինք, արաբերէն խօսող հայ գրեթէ չկար այնտեղ, մեր գաղութը իսկական հայկական միջավայր էր: Այդ իսկ պատճառաւ, այն հայերը, որոնք Սուրիոյ պատերազմի պատճառով այլ երկիրներ կը գտնուին, Սուրիոյ հանդէպ կարօտ կը զգան, որովհետեւ կարծես այնտեղ էր իրենց երկրորդ հայրենիքը: Ես այդպէս չեմ մտածեր, հայրենիքի երկրորդը չկայ, հայրենիքը մէկ է եւ այդ Հայաստանն է մեր պարագային»:

Ճանեցեան շարունակեց,- «Ես ուսման նպատակով եկայ Հայաստան, բայց առաջին օրէն հասկցայ, որ այստեղ պէտք է ապրիմ եւ այս իմ հայրենիքն է: Որպէս նախկին սփիւռքահայ, որովհետեւ ես ինծի սփիւռքահայ չեմ համարեր, իմ կարծիքը հայրենիքի, յատկապէս Սովետական Հայաստանի հանդէպ տարբեր էր, սփիւռքահայերը մեծամասնութեամբ այնպէս կը մտածէին, որ իրենց հայրենիքը բռնագրաւուած է այլ պետութեան կողմէ: Ես ալ այդպէս կը մտածէի, բայց երբ եկայ անկախացման սկիզբն էր, եւ այդ ուրիշ զգացողութիւն էր ինծի համար: 90-ական թուականներուն, ե՛ւ պատերազմ ե՛ւ սով, մութ ու ցուրտ օրեր, բոլոր տեսակի դժուարութիւններ յաղթահարած եմ:

Ինծի համար հայրենիքը կեանք է, հայրենիքը իրականութիւն է, եւ այդ իրողութեան մէջ կը տեսնեմ իմ հայրենասիրութիւնը։ Ես չեմ համարեր, որ դուրսը ապրող հայերը հայրենասէր չեն, բայց իմ հայրենասիրութեան ձեւը այսպէս է: Ես այստեղ եկած եմ, ուսանած եմ, հաստատուած, ամուսնացած, երեխաներ ունեցած, տուն կառուցած ու ամէն ինչ Հայաստանի հետ կապած: Ի հարկէ նաեւ շատ կարեւոր է աշխատանքը, այս տարիներու ընթացքին շատ մեծ աշխատանք տարի որպէսզի յաջողութեան հասնիմ: Այնպէս եղաւ, որ թէ՛ աշխատանք ունենամ, թէ՛ յաջողութիւն եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ ապրիմ: 

Այն սփիւռքահայերը, որոնք 10-15-20 տարի առաջ այստեղ հաստատուած էինք, իսկապէս կամուրջ հանդիսացող մարդիկ էին, այսինքն՝ երկու կողմերն ալ շատ լաւ կը ճանչնային, թէ՛ սփիւռքահայը եւ թէ Հայաստանցին, ես ալ համեստօրէն անոնցմէ մէկն եմ: Եւ երբ կարգ մը դէպքերու պարագային անհասկացողութիւն տեղի կ'ունենար, ես կը հարթէի իրավիճակը, իրականութիւնը ճիշդ ներկայացնելով եւ ճիշդ բացատրելով: Հիմա վիճակը այլ է, որովհետեւ կապը շատ աւելի խորացած Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջեւ, այստեղ հաստատուած սփիւռքահայերու թիւը աւելցած է, մանաւանդ Սուրիայէն եկող հայերուն թիւը: Մենք այդ շրջանին մեր առաքելութիւնը կատարած ենք: 

Նոր երկրի մէջ ապրելով եւ նոր մարդոց հետ հաղորդակցելով անշուշտ տարբերութիւններ պիտի զգացուին, բայց պէտք է տրամադրուիս , որ այս Հայաստանն է եւ ասյտեղ է քու ապագան: Բնականաբար կան երեւոյթներ, որ չեմ հաւնիր, բայց այդ հիմք չէ, որ ըսեմ Հայաստանը լաւ երկիր չէ: Ես կը փորձեմ եթէ հնարաւոր է փոխել շրաջապատիս մէջ որոշ բաներ կամ յարմարուիլ։ Պէտք է մեզմէ կախուածը ընենք, որպէսզի հաշտ ու խաղաղ ապրինք մենք մեր հետ: Կենցաղավարութեան կողմէ Հայաստանը ներկայիս բաւական լաւ վիճակի մէջ է եւ որոշ երեւոյթներ, որ ճիշդ չեմ համարեր, ժամանակի ընթացքին կը փոխուին:

Որպէս բժիշկ իմ մասնագիտութիւնը յաճախ զարգացման կարիք ունի: Ես աւարտելէս ետք ամէն տարի տարբեր երկիրներու մէջ կը մասանկցիմ գիտաժողովներու, նոյնիսկ զեկոյցներ կը կարդամ, կը փորձեմ արտասահմանէն որքան կարելի է, գիտելիքներ իւրացնեմ եւ տեղափոխեմ Հայաստան. գոհ եմ, բայց ընելիքներ շատ շատ կան, եւ այդ ուղղութեամբ անընդհատ կ'աշխատիմ, որովհետեւ բժշկութիւնը կը պահանջէ ե՛ւ զոհողութիւն ե՛ւ լուրջ վերաբերմունք աշխատանքին եւ մարդու առողջութեան: Հայաստանի մէջ մեր չափանիշները՝ ըլլայ բժշկական ոլորտին մէջ կամ ընդհանրապէս գիտութիւններուն մէջ շատ մըպարագաներուն կը մօտենան աշխարհի ու եւրոպական չափանիշներուն: Չեմ սիրեր մեծամտութիւն ընել, որովհետեւ այդ թոյլ չի տար, որ աւելի բարձրանանք ու միջազգային չափանիշներով բժիշկներ կամ մասնագէտներ դառնանք: Սա այն ոլորտն է որուն պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք, որովհետեւ առողջութենէն կախուած է մնացեալ ամէն ինչը:

Մենք պէտք է հպարտ ըլլանք, առաւել եւս որպէս հայ, որ ունինք այսպիսի զօրաւոր Սփիւռք, ուր իւրաքանաչիւր ոլորտի մէջ հաստատ կրնանք գտնել շատ յաջողակ սփիւռքահայ ներկայացուցիչներ, ներառեալ բժշկութեան մէջ, ինչ որ մեր գործը կրնայ դիւրացնել փորձառութեան փոխանակման առումով:

Ես Հայաստանը կը համարեմ այն երկիրը, ուր ամէն ինչ կայ: Եթէ կ'ուզես արեւելքը տեսնել, Հայաստանի մէջ շատ հանգիստ կրնաս արեւելքը զգալ ու տեսնել, իսկ եթէ արեւմուտքը կ'ուզես տեսնել իր արժէքներով, շատ հանգիստ կը տեսնես: Սար կ'ուզես կայ, ձոր, ջուր, ամէն ինչ կայ: Նաեւ ժողովուրդը շատ բարեացակամ: Հայաստանը այն երկիրն է, ուր պէտք է երազել ապրիլ: Ես ուրախ եմ որ Հայաստան կ'ապրիմ, եւ հաստատ ուրիշ տեղ չեմ ապրիր: Ես կը հաւատամ, որ ամէն հայ պէտք է ապրի իր հայրենիքի մէջ: Խօսքէն արդէն գործի պէտք է անցնիլ, քայլ պէտք է առնել Հայաստան փոխադրուելու, գործ հիմնելու, հայրենադարձութիւն կազմակերպելու, եւ զարգացնելու մեր երկիրը: Պէտք է մեր մտքին մէջ այնպիսի Հայաստան երազել, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատիլ, որպէսզի դառնայ այն երկիրը, ուր բոլոր հայերը ուզեն գալ ու ապրիլ»։