image

Ի խորոց սրտի. «Յուսաբեր»ի լոյսին մէջ... եւ շուքին տակ

Ի խորոց սրտի. «Յուսաբեր»ի լոյսին մէջ... եւ շուքին տակ

«Յուսաբեր»ի հաւատացեալները եւ անոր շրջանակին մէջ ծնած, ապրած եւ գործած կանայք եւ պարոնայք՝ տար-բեր սերունդներէ, կը տօնախմբեն այս օրերս «Յուսաբեր»ի քաղաքի շէն-քին 70-ամեակը եւ Հելիոպոլսոյ շէնքին 60-ամեակը։ Այս երկու օճախները որոնք ընդգրկեցին ՀՅԴ-ի եւ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը տասնամեակներ շարունակ։

Ըլլալով մէկը որ ծնած, ապրած եւ գործած է «Յուսաբեր»եան աշխարհին մէջ այս առիթով կը փորձեմ կարգ մը մտորումներ կիսել նոյն աշխարհէն հարազատներուս եւ նաեւ այլ հայերու հետ։

1- Հարկ է յիշել եւ յիշեցնել որ այս վայրերու լոյսին մէջ եւ շուքին տակ զարգացաւ իմ հայկական ինքնաճանա- չումը, “մենք քիչ ենք բայց հայ ենք” ի հաւատքը, հայ լեզուին եւ հայ մշակոյթին հանդէպ իմ անխախտ սէրն ու յարգանքը։ Այս մթնոլորտին շնորհիւ որ ես գիտցայ ու գիտակցեցայ թէ ով ենք մենք , թէ Հայաստանն է մեր հայրենիքը եւ սփիւռքը մեր գոյատեւման մարտադաշտը, թէ Եռագոյնն է մեր դրօշը, թէ պայքարն է մեր ուղին եւ թէ “լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծուիր”։ Եւ այդ բոլորը մենք կը պարտինք մեզմէ առաջ եկած սերունդներուն եւ անոնց նուիրումին եւ հեռատեսութեան։ 

2- Յարգանքի, հազար յարգանքի խօսք պէտք է փոխանցել այն սերունդի արանց եւ կանանց, որոնք հիմնաքարը դրին, դրամահաւաքի արշաւը ձեռնարկեցին եւ ապահովեցին հան-րութեան մասնակցութիւնը եւ շինեցին «Յուսաբեր»ի շէնքը իր թերթի խմբագրատունով, թատրոնով, «Փալանճեան» գրադարանով, «Նաւասարդ» սրահով, անոր կից ժողովի սենեակներով եւ Դալար Տանիքով։ Նման հաւատքով եւ կամքով իրականացաւ նաեւ Հելիոպոլսոյ շէնքը։

3- Այդ երախտագիտութենէն եւ գիտակցութենէն մեկնելով հարկ է միշտ յիշել եւ յիշեցնել կատարուածը եւ իրագործուածը, խօսիլ, պատմել ու գրել ինչ որ մեր մեծ հայրերը եւ հայրերը, մեր մեծ մայրերն ու մայրերը վճռեցին եւ ի գործ դրին հայ պահելու նոր սերունդները։ Նամանաւսնդ երբ նկատի ունենանք այդ ժամանակներու (70 տարի առաջ) տնտեսական եւ ընկերային պայմանները։

4- Այս բոլորը կը յիշեմ եւ կը յիշեցնեմ որովհետեւ այս էր իմ եւ իմ տարեկիցներուն սորվածը «Յուսաբեր»ի յարկին տակ եւ անոր հովանաւորութեամբ, երբ սկսանք առնել մեր պատանեկան եւ երիտասարդական առաջին քայլերը – եղեր են մշակութսյին հանդիսու- թիւններ, եղեր են երգ ու պարի ելոյթներ («Սարտարապատ» պարախումբ) եղեր են դասախօսութիւններ եւ վիճաբանութիւններ։ Եղեր է «Յուսաբեր» քաղաք ... կամ Հելիոպոլիս։

5- Ազգային ժառանգութեան տէր կանգնիլը արժէք է, որ հարկ է փոխան- ցըւի սերունդէ սերունդ եւ այդ իրագործելու համար մեր ճիտին պարտքն է կենդանի պահել հայ մշակութային կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները։ Ատոնք միայն շէնքեր եւ հողատարածներ չեն, այլ են նաեւ մարդուժ, հայուժ – հաւատաւոր մշակներ եւ ան- նահանջ պաշտպաններ հայկականին, ազգայինին եւ հայուն հոգեմտային հարստութեան։ Այս վերջին կէտը կը կարօտի լուրջ եւ գործնական մօտեցումի։ Կը յիշեմ եւ կը շեշտեմ վերջին գործօնը, որովհետեւ ձեւով մը անտեսուած է մշակութային կառոյցներուն կողմէ։

Ցաւ ի սիրտ պէտք է այստեղ յիշեմ նաեւ, որ կրնայ ըլլալ այս նախորդ բառերը, հաւատամքը, արժէքները եւ արժեչափերը իմաստ չունին կամ ժամանակավրէպ են շատերու համար այս օրերուս։ Սա ինքնին փաստ է որ բաւական սնանկացած հոգիներ ներկայ են մեր շուրջը եւ դժբախտաբար բարձրաձայն է անոնց դատարկախօսութիւնը։ Վէրքը որոշ գաղութի կամ վայրի չի վերաբերիր այլ համահայկական է։

6- Ժողովուրդ մը որ ապրած է կար-միր ջարդ, տեսած է ու դիմադրած է ճերմակ ջարդի, շատ լաւ գիտէ եւ պէտք է գիտնայ որ նման բնաջնջումներ (ֆիզիքական կամ հոգեկան), ինչ ալ ըլլայ անոնց գոյնը, ուշ կամ կանուխ կը սպառնան մեր հայկական իւրայատուկ գոյութեան։

Վերջին երկու տարիներու մեր ապ-րած անորոշութիւնը, շփոթը, խար- խափումն ու անճարակութիւնը – Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ անխտիր, մեզ կը պարտադրէ անգամ մը եւս վերանայելու մեր ազգային կառոյցներու/օճախներու դերերն եւ առաքելութիւնները, եւ անշուշտ ապահովել գիտակից եւ հաւատացեալ մարդկանց ներդրումը։ Միայն հայրենիքի իշխանութիւններուն ապաւինելով եւ կամ սփիւռքեան նիւթական ներդրումներով կարելի չէ փրկել ոչ մեր հայրենիքը եւ ոչ ալ մեր ժողովուրդը։ Վերջին երեսուն տարիները վկայ։ Մեր գոյութեան սպառնացող վտանգները սահմանէն անդին եւ ասդին են։ Ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ պահելու մար- տահրաւէրը միայն չի վերաբերիր միջոցներու արդիականացման, այլ նաեւ մտածելակերպի այժմէականացման։ Աւելին ապաւինիլ մեզ դարերու ընթաց-քին ՀԱՅ պահող հոգեմտային կամքին եւ ստեղծագործող ոգիին։

 

Թովմաս Կորկիսեան

«Յուսաբեր»