image

Սուրբ Յարութեան լոյսին ընդառաջ՝ Մեսրոպեան աշակերտներու հոգեւոր կոչը

Սուրբ Յարութեան լոյսին ընդառաջ՝ Մեսրոպեան աշակերտներու հոգեւոր կոչը

Մեր  այս աշխարհը, իր արագ ընթացքով եւ աղմկոտ կեանքով, յաճախ կը մոռցնէ մեզի ամէնէն էականը՝ մեր ներքին մարդը, մեր հոգին եւ անոր կապը Աստուծոյ հետ։ Սակայն կան պահեր, երբ մարդ կը կանգ առնէ, կը լռէ եւ կը դառնայ դէպի իր ներսը՝ փնտռելու համար ճշմարիտ խաղաղութիւնը եւ սիրոյ աղբիւրը։ Այդպիսի պահ մըն էր   օրերս  երբ աղօթքի, շարականի եւ խորհրդածութեան ընդմէջէն, մասնակիցները կոչուեցան վերանորոգելու իրենց հաւատքը եւ վերագտնելու իրենց անձնական յարաբերութիւնը Տիրոջ հետ։

Աւագ Երկուշաբթի, 30 Մարտ 2026-ի, առաւօտեան ժամը 7։30-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի եկրորդական բաժնի աշակերտութիւնը համախմբուեցաւ հոգեւոր ամփոփումի սրբազան մթնոլորտի մէջ։

Առաջին անգամ ըլլալով՝ անոնք մասնակցեցան հոգեւոր կրթութեան՝ խոր լրջութեամբ եւ նուիրումով, վերստին հաստատելով վարժարանի այն կենսունակ հոգեւոր դիմագիծը, որ կը ձեւաւորէ ոչ միայն գիտելիքի, այլեւ հաւատքի ու արժէքներու մարդը։


Այս հանդիպումը դարձաւ կենդանի վկայութիւն մը, թէ աշակերտները ոչ միայն ծարաւ ունին Աստուծոյ Խօսքին, այլ նաեւ անկեղծ ձգտում՝ մերձենալու Քրիստոսի։ Անոնք պատրաստակամ սրտով ընդառաջեցին հոգեւոր հրաւէրին՝ ունկնդրելով, խորհրդածելով եւ իրենց ներաշխարհը բանալով աստուածային ներկայութեան առջեւ։


Այսպիսի պահերը կը վկայեն, թէ Մեսրոպեան Վարժարանը կը շարունակէ մնալ ոչ միայն կրթական կեդրոն մը, այլեւ հոգեւոր աճումի սրբավայր մը, ուր երիտասարդ հոգիները կը դաստիարակուին՝ սիրոյ, հաւատքի եւ ճշմարտութեան լոյսին ներքոյ։


Հանդիպումը սկսաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, որու ընթացքին աշակերտները հաղորդակից դարձան Տիրոջ կենդանարար Մարմինին եւ Արիւնին։


Ժամը 8։30-ին, Տէր Պօղոս Սրկ. Էմիշեան ներկայացուց «Ո՞վ եմ ես» նիւթը՝ մերօրեայ սերունդին համար պարզ, հասկանալի եւ ներշնչող ձեւով։ Ապա դաս առ դաս երգեցին Արեւագալի ժամերգութեան «Ճգնաւորք Աստուծոյ» եւ «Լոյս, Արարիչ լուսոյ» շարականներ։


Դադարէն ետք, վարժարանիս հոգեւոր վարիչ Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի առաջնորդութեամբ, աշակերտները մասնակցեցան Աւետարանական սերտողութեան՝ ծանօթանալով Յովհաննէս Աւետարանիչի 20-րդ գլխուն։ Ներկայացուեցաւ Մարիամ Մագթաղենացիի հաւատարմութիւնը, որ գերեզմանը դատարկ տեսնելով՝ մնաց հաստատ իր հաւատքին մէջ, ինչպէս նաեւ Յիսուսի երեւումը առաքեալներուն՝ խաղաղութեան պատգամով. «Խաղաղութիւն ձեզի»՝ երեք անգամ կրկնելով, եւ Սուրբ Հոգին փչելով անոնց մէջ։


Ապա երգուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Նայեա սիրով» հոգեպարար շարականը, ուր, Սուրբ Թովմասի նման, մենք եւս կը դաւանինք. «Տէ՛ր իմ եւ Աստուա՛ծ իմ» ըսելով։

Երկրորդ դադարէն ետք, շարունակուեցաւ սերտողութիւնը Յովհաննէսի 21-րդ գլխէն, ուր Յիսուս երեք անգամ կը հարցնէ Պետրոսին. «Զիս կը սիրե՞ս», յիշեցնելով, թէ ճշմարիտ սէրը կը դրսեւորուի ոչ թէ միայն խօսքով, այլ՝ գործով։ Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ղուկաս Աւետարանին, ուր Յիսուս յարութենէն ետք, երբ կը յայտնուի աշակերտներուն, որոնք զինք չեն ճանչնար, մինչեւ որ ըսէ. «Առէ՛ք եւ կերէ՛ք»։ Այս դրուագին ընդմէջէն շեշտուեցաւ, թէ նոյնպէս մենք Սուրբ Պատարագին մէջ տեսանելի կերպով չենք տեսներ Տէրը, սակայն Ան իրականօրէն ներկայ է մեր կեանքին մէջ, եւ մենք կը ճաշակենք Անոր իսկականՄարմինն ու կ'ըմպենք Անոր իսկական Արիւնը։


Այնուհետեւ աշակերտները բաժնուեցան եօթը խումբերու եւ խորհրդածեցին հետեւեալ հարցումներուն շուրջ.
– Ինչպէ՞ս փնտռեցին Յիսուսը,
– Ինչպէ՞ս գտան զայն,
– Որո՞նք են այն միջոցները, որոնք զիրենք աւելի կը մօտեցնեն Տիրոջ,
– Ի՞նչ ապացոյց կայ իրենց սիրոյ,
– Որո՞ւ կը նմանին՝ Պետրոսի՞ն, որ ուրացաւ, Թովմասի՞ն, որ կասկածեցաւ, թէ Մարիամ Մագթաղենացիին, որ փափաքեցաւ ամբողջութեամբ Տիրոջ նուիրուիլ:

Իւրաքանչիւր խումբէն մէկ ներկայացուցիչ ներկայացուց իր խորհրդածութիւնը։ Ապա, Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութենէն ետք, աշակերտները ծնկաչոք ապրեցան Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ իւրաքանչիւրը գաղտնաբար իր մէջ ունեցած մեծագոյն մեղքը գրեց թղթիկի մը վրայ՝ խոստանալով Յիսուս Քրիստոսին վերջնականապէս հեռանալ այն մեղքէն։

Վերջապէս, եկեղեցիէն դուրս, այդ թղթիկները նետուեցան կրակին մէջ՝ որպէս խորհրդանշան մեղքերէ ազատագրուելու եւ նորոգ կեանքի սկիզբի։


Այսպէս, օրը դարձաւ հոգեւոր վերազարթօնքի եւ ներքին նորոգութեան ճամբայ՝ Տիրոջ խաղաղութեան եւ սիրոյ մէջ հաստատուելու կոչով։