Օրերս ընտրուած ՀՅԴ Լիբանանի շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմը գլխաւորութեամբ ՀՅԴ ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունիի այցելութիւն տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջը, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝
Շաբաթ, 17 Յուլիս 2021-ին, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ։ Քննարկուեցան Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տագնապին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի կառոյցներու աշխատանքներուն առաւել կենսաւորման եւ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան առնչուած հարցեր։