Վատիկան («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Հռոմի Ֆրանչիսքոս Պապի քարտուղարուհին սպաննուած գտնուած է իր բնակարանին մէջ, ուր ան կը մնար, երբ Հռոմէն դուրս գտնուէր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը նշելով, որ Իտալիոյ իշխանութիւնները միջադէպի շուրջ հետաքննութիւն սկսած են, եւ հարցաքննած կասկածի տակ եղող մարդոց, որոնց շարքին նաեւ իր ընտանիքի անդամները, եւ անոր ամուսինը, որ վերջերս բաժնուած էր իրմէ: Հարցաքննուողներու շարքին է նաեւ Վատիկանի մէջ ծառայող ոստիկան մը, որուն հետ վերջերս կապ ունեցած էր սպանուած քարտուղարուհին:
Այս կապակցութեամբ, «Ալ-Արապիա» կայքը նշած է, թէ Մարիամ Ուոլտո, որ ծագումով Էրթրէացի է, յղութեան 7-րդ ամսու մէջ էր: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Իտալիոյ ոստիկանութիւնը լուռ մնացած է դիակին յայտնաբերման մասին եւ իտալական «Il Messaggero» թերթը երէկ բացայայտած էր որոշ մանրամասներ միջադէպի շուրջ, որ աւելի ուշ հաստատուած էր ոստիկանութեան կողմէ:
Սպանուած քարտուղարուհին 34 տարեկան էր, եւ տարիներէ ի վեր պատասխանատու էր Վատիկանի հիւրերը դիմաւորելու եւ տեղաւորելու «Սանթա Մարթա» անունով յայտնի տան մէջ, որ նաեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին նախասիրած բնակութեան վայրն էր, մինչեւ իր ընտրութիւնը: Իտալական թերթը նաեւ կը նշէ, որ քարտուղարուհին երբեմն արտօնութիւն կը խնդրէր քանի մը օր անցընել Վատիկանէն դուրս շաքարախտի բուժումներ ստանալու համար:
Իրենց կարգին տալական լրատուամիջոցներ հաղորդած են , որ Մարիամ Ուոլտօ ծանր տեսակի շաքարախտի հիւանդ էր եւ բժիշկները անոր զգուշացուցած էին յղութեան վտանգէն, երբ ան մշտական բուժման կ'ենթարկուէր, հետեւաբար, ոստիկանութեան կողմէ անոր մահուան կասկածեալ պատճառ կը հանդիսանայ նաեւ «բժշկական բացթողումը»:
Աղբիւրը կը նշէ, որ հանգուցեալի եղբայրներէն մէկը ուրբաթ օր անոր անշնչացած դիակը գտած է իր սենեակին մէջ, ուր ան մնացած էր ընտանիքէն հեռու եւ առանց որեւէ մէկուն տեղեակ պահելու:
Կը նշուի նաեւ, որ Վատիկանի խօսնակ հայր Ֆէտէրիքո Լոմպարտի դէպքի մասին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր ըսած է, որ Հռոմի Պապը տեղեկացած է իր քարտուղարուհիին կեանքէն հեռացած ըլլալու մասին, եւ բոլորը կը ցաւին այս լուրին համար: