image

Լիլիթ Մակունց ներկայ գտնուած է ԱՄՆ Հանրապետական կուսակցութեան ազգային համաժողովին

Լիլիթ Մակունց ներկայ գտնուած է ԱՄՆ Հանրապետական կուսակցութեան ազգային համաժողովին

Յուլիս 15-18-ը ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունց ներկայ գտնուած է Ուիսքոնսըն նահանգի Միլուոքի քաղաքին մէջ կայացած ԱՄՆ Հանրապետական կուսակցութեան ազգային համաժողովին, որու ընթացքին դիւանագիտական մարմիններու ներկայացուցիչներու համար կազմկերպուած են քննարկումներ՝ ԱՄՆ նախկին վարչակազմի պաշտօնեաներու, քոնկրեսականներու, ուղեղային կեդրոններու եւ արտաքին քաղաքականութեան փորձագէտներու մասնակցութեամբ։

Ներկայացուած են Հանրապետական կուսակցութեան արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները: Համաժողովի ընթացքին հաստատուած են 2024-ին ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախագահ՝ Տանըլտ Թրամփի եւ փոխնախագահ՝ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի թեկնածութիւնները: