image

Հռոմի Պապին Քարտուղարուհին Սպաննուած Գտնուած Է Իր Բնակարանին Մէջ

Հռոմի Պապին Քարտուղարուհին Սպաննուած Գտնուած Է  Իր Բնակարանին Մէջ

Վատիկան («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Հռոմի Ֆրանչիսքոս  Պապի քարտուղարուհին սպաննուած գտնուած է իր բնակարանին մէջ, ուր ան կը մնար, երբ  Հռոմէն դուրս գտնուէր: Այս մասին կը  հաղորդէ  «Ալ-Ժատիտ»  կայանը նշելով, որ Իտալիոյ իշխանութիւնները միջադէպի շուրջ հետաքննութիւն սկսած են, եւ հարցաքննած կասկածի տակ եղող մարդոց, որոնց շարքին նաեւ իր ընտանիքի անդամները, եւ անոր ամուսինը, որ վերջերս բաժնուած էր  իրմէ:   Հարցաքննուողներու  շարքին  է նաեւ  Վատիկանի   մէջ  ծառայող ոստիկան մը, որուն հետ վերջերս կապ ունեցած էր  սպանուած քարտուղարուհին:

Այս կապակցութեամբ, «Ալ-Արապիա» կայքը նշած է, թէ  Մարիամ Ուոլտո, որ ծագումով Էրթրէացի է,  յղութեան 7-րդ ամսու մէջ էր: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Իտալիոյ ոստիկանութիւնը լուռ մնացած է դիակին յայտնաբերման մասին եւ իտալական «Il Messaggero» թերթը երէկ բացայայտած էր որոշ մանրամասներ միջադէպի շուրջ, որ աւելի ուշ հաստատուած էր ոստիկանութեան կողմէ:

Սպանուած քարտուղարուհին 34 տարեկան էր, եւ տարիներէ ի վեր պատասխանատու էր Վատիկանի հիւրերը դիմաւորելու եւ տեղաւորելու «Սանթա Մարթա» անունով յայտնի տան մէջ, որ նաեւ   Հռոմի Ֆրանչիսկոս  Պապին  նախասիրած   բնակութեան   վայրն էր, մինչեւ իր ընտրութիւնը: Իտալական թերթը նաեւ կը նշէ, որ  քարտուղարուհին  երբեմն արտօնութիւն կը խնդրէր քանի մը օր անցընել  Վատիկանէն  դուրս շաքարախտի բուժումներ ստանալու   համար:

Իրենց կարգին տալական լրատուամիջոցներ հաղորդած են , որ Մարիամ Ուոլտօ ծանր տեսակի շաքարախտի հիւանդ էր եւ բժիշկները անոր  զգուշացուցած էին յղութեան վտանգէն, երբ ան մշտական ​​բուժման կ'ենթարկուէր, հետեւաբար, ոստիկանութեան կողմէ անոր մահուան կասկածեալ պատճառ  կը հանդիսանայ նաեւ  «բժշկական բացթողումը»:

Աղբիւրը  կը նշէ, որ հանգուցեալի եղբայրներէն մէկը ուրբաթ օր անոր անշնչացած դիակը  գտած է իր սենեակին մէջ, ուր ան  մնացած էր ընտանիքէն հեռու եւ առանց որեւէ մէկուն  տեղեակ պահելու:

Կը նշուի նաեւ, որ Վատիկանի խօսնակ հայր Ֆէտէրիքո Լոմպարտի դէպքի մասին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր ըսած է, որ Հռոմի Պապը տեղեկացած է իր քարտուղարուհիին   կեանքէն  հեռացած ըլլալու մասին, եւ բոլորը կը ցաւին  այս լուրին  համար: