image

Հռոմի Պապի եւ Հայոց Կաթողիկոսի ընդհանրական արարողութիւնը պիտի կայանայ Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ

Հռոմի Պապի եւ Հայոց Կաթողիկոսի ընդհանրական արարողութիւնը պիտի կայանայ Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ

Յունիս 24-ին Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապը պիտի ժամանէ Հայաստան: Պապի հայաստանեան այցի օրակարգը ներկայացուցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու  պատասխանատու Տէր Շահէ ծայրագոյն վարդապետ  Անանեան: Անոր տեղեկացմամբ`  եռօրեայ այցի ծիրէն ներս Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայաին մէջ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք  Պապը պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Բարի գալուստի` «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն: Նոյն օրը երեկոյեան սրբազան քահանայապետը ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Այցի առաջին օրը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին մէջ կայանալիք Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Գարեգին 2-րդ  Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հանդիպմամբ: Նոյն օրը երեկոյեան մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ընդհանրական արարողութիւն եւ Խաղաղութեան աղօթք:

Յունիս 26-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Պապը հանդիպում պիտի ունենայ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ, պիտի մասնակցի Ս. Պատարագի արարողութեան ու ընդհանուր ճաշկերոյթին` Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, Հայաստանեայց առաքելական, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու անդամներու ու  պապական պատուիրակութեան հետ:

Նոյն օրը կը նախատեսուի համատեղ յայտարարութեան ստորագրում: Յայտարարութեան բնագիրը նախապէս պիտի տրամադրուի լրատուամիջոցներուն: Հովուապետները նաեւ աղօթք պիտի մատուցանեն Խոր վիրապի վանքին մէջ, որմէ ետք Հռոմի սրբազան քահանայապետը Երեւանէն պիտի մեկնի Հռոմ: