Թրքական աղբիւրներ հրապարակած են երէկ Անգարայի պայթումը կատարող կնոջ մը լուսանկարը: Կը նշուի, որ անձնասպանութիւն կատարած կինը եղած է Պալըքեսիր քաղաքի համալսարանի ուսանող ու հակառակ դասընթացքներուն չհետեւելուն, անոր անունը ցարդ գրանցուած կը մնայ համալսարանի տոմարներուն մէջ: Ըստ աղբիւրին պայթումին մասնակցած կինը կը կոչուի Սեհեր Չաղլա Տէմիր եւ ան անդամ է PKK –ին : Պաշտօնական աղբիւրներ չեն հակազդած տուեալ լուրին հակառակ անոր, որ թուրք մէկէ աւելի պատասխանատուներ յայտնած են, որ պայթումին հիմնական պատասխանատուն քրտական PKK–ն է:Նշենք, որ կը հաղորդուի նաեւ, որ տուեալ կնոջմէն զատ պայթումի իրագործումը եղած է երկու այլ անհատներու մասնկացութեամբ: