image

Լիբանան. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գրչէն՝ նոր հատոր  

Լիբանան. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գրչէն՝ նոր հատոր  

Անգլերէնով լոյս տեսած է Արամ Ա. կաթողիկոսին գրիչով նոր գիրք մը, որ քրիստոնէական մարդաբանական դիտանկիւնէն՝ կը ներկայացնէ մարդուն ինքնահասկացողութեան փնտռտուքը։ Գիրքին խորագիրը In Search of Self-Understanding  (Ինքնահասկացողութեան Փնտռտուք) է։

Գիրքը կը բաղկանայ 16 գլուխներէ:

Իր այս գործին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը կ՛անդրադառնայ ներկայ դարուն, մարդուն ինքնագիտակցութեան հասկացողութեան՝ աստուածաշնչական սկզբունքներէ մեկնած։ Անիկա հիմնականօրէն կ՛արծարծէ մարդ արարածին քրիստոնէական հասկացողութիւնը եւ ստեղծագործութեան մէջ մարդուն իւրայատուկ կոչումին ըմբռնումը: