Մայիս 25-ին, ՀՅԴ Եգիպտոսի շրջանի Ատենապետ՝ Արմէն Մազլումեան եւ «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան նախագահ՝ Շանթ Կապէյեան մասնակցեցան եկեղեցական պատարագին՝ նուիրուած Սարդարապատ հերոսամարտի եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 107-ամեակին:
Պատարագէն ետք այցելեցին Մար մինայի գերեզմանատուն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու ՀՀ հանգուցեալ վարչապետ Համօ Օհանջանեանի շիրիմին։
«Արեւելք», (Գահիրէ) Մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ իրենց ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած տասնեակ գործիչներ իրենց մահկանացուն կնքած են հայրենիքէն հեռու։ Այս առումով ալ առանցքային իմաստ եւ նշանակութիւն ունի Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէն ուր իրենց պարտականութեան ճամբուն վրայ ու այդ ճանապարհի աւարտին անոր հողին մէջ հանգչած են մեր գործիչներէն շատերը։
Կարեւոր է այս առումով հաշուի նստիլ նաեւ այն հանգամանքին հետ, որ այդ նուիրեալներուն յիշատակը միշտ ալ վառ կը պահուի եւ ամէն տարի Գահիրէի մէջ, թէ այլուր գաղութի պատասխանատուներ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն այդ նուիրեալներու յիշատակին։ Ստորեւ այդ մասին լրատւութիւնը, երբ Գահիրէի հայ դատի եւ ՀՅԴ Կեդրոնի պատասխանատուներ յարգած են ՀՀ Առաջին Հանրապետութեան կերտիչ հանդիոսացող անմահանուն վարչապետ եւ մեծ նուիրեալ Համօ Օհանջանեանի յիշատակը։