Ուր ալ երթամ
Պիտի տանիմ մաս մը քեզմէ.
Պիտի գրկեմ անաղարտ
Մասունքի մը պէս պինդ,
Որ մաքրութիւնդ ճերմակ
Չխամրի տրտմութեանս մէջ,
Որ քաղցրութիւնդ անապակ
Չդառնանայ շուրթերուս վրայ,
Որ թարմութիւնը խօսքերուդ
Չցնդի խլացնող ժխորին մէջ:
Պիտի տանիմ մաս մը քեզմէ,
Որ ժպիտդ լուսեղէն
Ոգեւորէ ճանապարհս խէթ,
Դառնայ փարոս կարեվէր,
Խարխաբող մենութեանս մէջ:
Պիտի տանիմ մաս մը քեզմէ,
Որ միտքերս իմ ալեկոծ
Խարսխուին ամրութեանդ մէջ
Եւ ուսերուդ փարուելով
Նաւարկեմ փոթորիկը մեծ։
Պիտի լքեմ մաս մը ինձմէ,
Որ պարփակեմ մաս մը քեզմէ,
Որ իրարմով ամբողջացած
Համակուինք անհունին հետ:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան