image

Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն աննախընթաց կերպով մօտ են իրարու. Եւրոպացի պաշտօնատար

Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն աննախընթաց կերպով մօտ են իրարու. Եւրոպացի պաշտօնատար

Ես հոս եմ յստակ պատգամով՝ ԵՄ-ն եւ Հայաստանը երբէք այս աստիճան մօտ չեն եղած, որքան հիմա։ Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլասը՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

«Այսօր մենք միասին մեկնարկեցինք Հայաստան–ԵՄ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներու խորհրդակցութիւնները։

Մենք կ՚աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքներուն վրայ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ ճանապարհ հարթել տարածաշրջանի մէջ կայուն խաղաղութեան համար», — ըսած է Քալլաս։