Օրերս, Հնդկաստանի Քերալա նահանգին մէջ տեղի ունեցած միջազգային փառատօնին (International Film Festival of Kerala)՝ ուշադրութեան կեդրոնին հանդիսացած է Հայաստանը։ Փառատօնի ընթացքին ցուցադրուած են հայկական ժապաւէններ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
2024 Դեկտեմբեր 13-20, Հնդկաստանի Քերալա նահանգին մէջ տեղի ունեցած միջազգային փառատօնին (International Film Festival of Kerala)՝ ուշադրութեան կեդրոնին հանդիսացած է Հայաստանը։
Փառատօնի ընթացքին ցուցադրուած են՝ Նորա Մարտիրոսեանի «Երբ որ քամին հանդարտի», Միքայէլ Դովլաթեանի «Լաբիրինթոս», Էդգար Բաղդասարեանի «Եաշան եւ Լէոնիդ Բրեժնեւը», Մարիա Սահակեանի «Փարոս», Միքայէլ Կիւրճեանի «Ամերիկացին», Սերժ Աւետիքեանի «Lost in Armenia», «The Parajanov Scandal», Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնները։
Փառատօնի բացման արարողութեան (Դեկտեմբեր 13) մասնակցած է Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Մարատ Մելիքեան։ Ներկայ եղած են նաեւ նահանգի տարբեր գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ, շարժանկարի գործիչներ, դերասաններ, արուեստագէտներ։