image
Հրատապ լուրեր:

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի ժառանգութիւնը կը վերածուի թուային քարտէսի

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի ժառանգութիւնը կը վերածուի թուային քարտէսի

Փարիզի սիրտին մէջ գտնուող «Սամուէլեան» գրատան մամուլի արխիւները, որոնք հայ մշակութային ժառանգութեան կենսական յուշարձաններէն են, արհեստական բանականութեան (AI) միջոցաւ կը վերածուին թուային քարտէսի մը։

«Calfa»ը եւ իր գործընկերները թեւակոխած են նոր փուլ մը՝ բացայայտելու 20րդ դարու Փարիզի հայկական խանութները, միութիւնները եւ ընկերային կեանքը։

1930ին հիմնադրուած եւ ուսումնասիրողներու, լրագրողներու եւ պատմաբաններու համար հանդիպման վայր ծառայած «Սամուէլեան Արեւելեան Գրատուն»ը (Librairie orientale Samuélian) այժմ թուային վերափոխման կիզակէտին կը գտնուի։ «Սամուէլեան» գրատան արխիւները թուայնացնելու ծրագիրը, որ սկսած էր 2024ին, կ՛ընդլայնէ իր ծիրը՝ թուային քարտէսագրման միջոցաւ հետապնդելու հայկական հետքերը Փարիզի պատմական խճանկարին մէջ։

Ծրագրին առաջին փուլով, պահպանութեան տակ առնուած է 1920էն 1975 տարիներուն հրատարակուած հայկական թերթերու հսկայական հաւաքածոյ մը՝ 10,000էն մինչեւ 15,000 էջերու ծաւալով։ Այս արխիւը, որ կը պարունակէ Ֆրանսայի, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած առաւել քան 70 թերթեր, իր մէջ կը պահէ Հայկական Սփիւռքի ընկերային եւ մշակութային յիշողութիւնը։

Այս թերթերը ընթերցելու ընթացքին, «Calfa»ի խումբը նկատած է միութիւններու, առեւտրական հաստատութիւններու եւ գրասենեակներու մեծ թիւով հասցէներ։ Անոնք որոշած են այս տուեալները վերածել Փարիզի քարտէսի մը, որ ցոյց կու տայ ժամանակի ընթացքին այդ վայրերու փոփոխութիւնը։ Ծրագիրին նոր՝ «Փարիզ» գլուխը կը նպատակադրէ ներկայացնել քաղաքին մէջ հայ համայնքի բնակութիւնը եւ տնտեսական գործունէութիւնը՝ 20րդ դարու սկիզբէն։

Համագործակցութիւն «BnF DataLab»ի եւ արհեստական բանականութեան հետ ծրագրին ամէնէն հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկը կը վերաբերի արհեստագիտական ոլորտին։ Կը մշակուի արհեստական բանականութեան (AI) յատուկ նախատիպ մը՝ արխիւներուն մէջ գտնուող ծանուցումները ուսումնասիրելու եւ պատմական հայկական առեւտրական հաստատութիւնները յայտնաբերելու համար։ Այս աշխատանքին ընդառաջ՝ գործընկերութիւն հաստատուած է Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի նորարարութեան բաժինին՝ «BnF DataLab»ի հետ։

Արհեստական բանականութեան նախատիպը մեքենաբար պիտի վերլուծէ թերթերու էջերուն մէջ գտնուող ծանուցումները եւ, այդ տեղեկութիւններու լոյսին տակ, քարտէսագրէ 20րդ դարու «Հայկական Փարիզ»ը։ Այսպէսով, անցեալի դերձակները, տպարանները, բժշկական գրասենեակները եւ սրճարանները իրենց տեղը պիտի «վերա»գտնեն թուային միջավայրի մը մէջ։

 Ծրագիրը կը միաւորէ գիտութեան եւ մշակոյթի աշխարհի կարեւոր հաստատութիւններ։ «Calfa»ի գլխաւորած այս ծրագիրին համագործակցողներն են՝ BnF (Ֆրանսայի Ազգային գրադարան), EPITA (LRE տարրալուծարան, «DECIDON» ծրագիր), Inalco (DALiH ծրագիր), Հայաստանի Ազգային գրադարան։ 

Ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան (Հայկական համայնքներու բաժանմունք) եւ Սամուէլեան ընտանիքի արժէքաւոր աջակցութեամբ։ 

Շուրջ տասնամեակ մը առաջ, «Սամուէլեան» գրատան փակումէն ետք, հոն գտնուող թերթերու հաւաքածոները սկսան ենթարկուիլ ժամանակի ազդեցութեան, իսկ որոշ փաստաթուղթեր դարձան չափազանց փխրուն՝ ձեռքով բռնելու համար։ Շնորհիւ «Calfa»ի մշակած «Գիրերու տեսողական ճանաչման» (OCR/HTR) բարձր ճշգրտութեան արhեստգիտութեան՝ այս փաստաթուղթերը ոչ միայն կը փրկուին անհետացումէ, այլեւ կը վերածուին որոնելի եւ խմբագրելի թուային բնագիրներու, բաց՝ ակադեմական հետազօտութիւններու։

Ստացուած տուեալները եւ թուայնացուած էջերը հասանելի պիտի դառնան ամբողջ աշխարհին՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ գլխաւոր գիտական գրադարանին (FSL) միջոցաւ։ Այսպիսով, 20րդ դարու Հայկական Սփիւռքի առօրեան եւ Փարիզի փողոցներուն վրայ անոր ձգած հետքերը պիտի փոխանցուին ապագայ սերունդներուն։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել calfa.fr/ կայքը։