image

ՀՀ Կառավարութեան անդամները երդուեցան բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդին առջեւ ունեցած պարտաւորութիւնները

ՀՀ Կառավարութեան անդամները երդուեցան բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդին առջեւ ունեցած պարտաւորութիւնները

ՀՀ նախագահական նստավայրին մէջ, նախագահ Արմէն Սարգսեանի ներկայութեամբ, Յունուար 30-ին, տեղի ունեցաւ ՀՀ կառավարութեան անդամներու երդման արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ նախագահի գրասենեակը։

Առաջինը ամպիոնին մօտեցաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընթերցելով երդման արձանագրութիւնը.

«Յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման՝ կ՝երդնում բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդին առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերու պահպանման, հաւատարիմ մնալ Կառավարութեան անդամի բարձր կոչման»:

Այնուհետեւ, հերթով երդուեցան կառավարութեան միւս անդամները:

Երդման արարողութեան աւարտին՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց վարչապետն ու կառավարութեան անդամները՝ մաղթելով անոնց յաջողութիւններ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի շահ մեր երկրի հզօրացման եւ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդի:

Նշենք, որ կառավարութիւնը, այս կարգով, երդմնակալութեան արարողութիւն կ՝իրականացնէ երկրորդ անգամ: Առաջին անգամ Հայաստանի քաղաքական եւ պետական կառավարման մշակոյթին մէջ նման իրադարձութիւն տեղի ունեցած է 2018 Մայիս 21-ին:

Յունուար 14-ին, ՀՀ նախագահի հրամանագիրով՝ Նիկոլ Փաշինեան նշանակուեցաւ Հանրապետութեան վարչապետ, իսկ Յունուար 19-ին, նախագահը ստորագրեց խումբ մը նախարարներու նշանակման հրամանագրեր:

Նախագահի հրամանագրերով՝ Զոհրապ Մնացականեան վերանշանակուած է արտաքին գործոց նախարար, Դաւիթ Տօնոյեան՝ պաշտպանութեան նախարար, Արայիկ Յարութիւնեան՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, Սուրէն Պապիկեան՝ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար, Էրիկ Գրիգորեան՝ բնապահպանութեան նախարար, Ֆելիքս Ցոլակեան՝ արտակարգ իրավիճակներու նախարար, Յակոբ Արշակեան՝ փոխադրամիջոցի, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար, Տիգրան Խաչատրեան՝ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար, Ատոմ Ջանջուղազեան՝ ելեւմտական նախարար, Արսէն Թորոսեան՝ առողջապահութեան նախարար, Արտակ Զէյնալեան՝ արդարադատութեան նախարար, Զարուհի Բաթոյեան՝ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար: