Հետաքրքրական բոյսեր Քեսապէն
2.- ՃԸՐԴԱՏԱՆ կամ ՊԸՐՐԸ ԱՃՈՒՐԷԿ — Cucurbitaceae/դդմազգիներու ընտանիքէն Ecballium elaterium։ Առաջին անունը բնաձայնական է՝ Ճը՛րդ ձայնէն, ճրդընիլ բայը բարբառին մէջ կը նշանակէ հեղուկ բանի մը դուրս ժայթքիլը. անունը կու տայ ժայթքող, ճրդընող իմաստը։ Երկրորդ անունը բառացի կ՛ըլլայ վայրի աճուր-իկ։ Գամիշլիի անունով յայտնի ուտելի աճուրին մանրիկ տեսակը։
Բազմամեայ բոյս է, հանդիպած եմ երկու տեղ՝ Քեսապի Խաղցուօծին գլուխը, Հալէպցիին տան առջեւ, եւ Գարատուրան, Ղազարեան թաղին առջեւ, թաղի հին ճամբու եզրին։ Քանի մը ճերմակ ոստերով կը տարածուի գետին, վարունգի թուփի նման, մոխրագոյն տերեւը ստորին մասով բլթակաւոր է, շրջագիծը՝ ճմռթկուն, դէպի ներս ամփոփուած։ Ծաղկաբոյլը՝ մանրիկ, ճերմակ, պտուղը՝ երկարաւուն սալորի չափով, կ’ըլլայ դեղնաւուն կանաչ, խիտ մազմզուքներով, միջուկը՝ ջրալի ու լեղի, ունի երկար կոթուն։ Արմատը հաստ կոճղէզ է։
Պտուղին առատ հիւթը օրը քանի մը անգամ կաթիլ մը կը հոսեցնէին դեղնախտով վարակուած հիւանդի քիթին մէջ։ Պտուղը սեղմելով հիւթը կը ժայթքէ։ Շատը թոյն է։ Քիթէն առատ դեղին հեղուկ կ՛արտաթորայ։ Կը բուժէ։ Բուժական նպատակով Հալէպի նահանգէն հաւաքուող եւ արտածուող պտուղ եղած է 19-րդ դարուն։