image

Հետաքրքրական բոյսեր Քեսապէն (4). Սըմըն

Հետաքրքրական բոյսեր Քեսապէն (4). Սըմըն

Հետաքրքրական բոյսեր Քեսապէն

4․- ՍԸՄԸՆ —  Euphorbiaceae/իշակաթնուկազգիներու ընտանիքին պատկանող Euphorbia rigida: Բուսանունը կրնայ արաբերէն սամ (թոյն) բառը ըլլալ, բայց վերջայանգի ն-ի առկայութիւնը կը խանգարէ այդ վարկածին հաստատումը։ Բարբառին մէջ կայ նաեւ սըմընիլ բայը, որ կը նշանակէ սըմընով թունաւորել կամ առհասարակ թունաւորել։

 Սըմընը կ՛աճի չոր, արեւոտ ու քարքարոտ վայրերու մէջ։ Ցօղունը կ՛ունենայ տարբեր թեքութեամբ մինչեւ 80-100 սմ․ հասակ, կրնայ բազմանալ նոյն տեղին մէջ ու խումբ կազմել։ Ցօղունը պատած է մօտ 7 սմ․ երկարութեամբ սրածայր կանաչ-կապտաւուն տերեւներով, գագաթը՝ դեղին ծաղկաբոյլ։ Ծաղիկը ունի կարճ կոթուն, իւրաքանչիւր բաժակի մէջ կայ երկու վարսանդ։ Ձմռան ցօղունը քիչ մը կը կարմրի։  Չափազանց կաթոտ է․ մաշկին դպչելով սաստիկ քերուըտուք կը պատճառէ։ Կը նկատուի շատ թունաւոր բոյս՝ իր բոլոր մասերով։

Կովերն ու այծերը չեն արածիր, չեն մօտենար այս բոյսին։ Մեղու չի մօտենար անոր։

 

Սըմընը քեսապցիներու կողմէ կ՛օգտագործուի ձկնորսութեան մէջ, ճիշդ խռնպոշին պէս։ Տուզաղաճի եւ Մեղրաձորի գետակներուն մէջ ձկնորսները ջուրին առջեւ թումբ կը շինէին, կը պղտորէին, որպէսզի ձուկերը մակերեսին ելլեն, ապա այս խոտը մէյ-երկու անգամ քարին զարնելով ջուրին մէջ կը նետէին։ Ձուկերը «սարսափէլ» կ՛իյնային, այսինքն կ՛ընդարմանային, կը թմրէին կը մնային։ Որսորդները հեշտութեամբ կը հաւաքէին զանոնք։ 

Գործողութիւնը առածի իմաստ ստացած է․ ընկերութեան մէջ  որեւէ դաւադրութիւն՝ կ՛արտայայտուի այսպէս՝

Եառանճ պըղտըրի,    Առաջ պղտորէ,

Սօնրա սըմընի։           Յետոյ թունաւորէ։

Սըմընը նաեւ կրնայ բուժիչ ըլլալ ։ Կը պատմուի, թէ Պաշորտ գիւղէն Գրիգոր Մովսէսեան ծանրօրէն կը հիւանդանայ։ Տոքթ․ Սողոմոն Աբէլեան չի կրնար օգտակար ըլլալ․ կը տանին Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոց․ իզուր։ Հիւանդը կը վերադարձնեն գիւղ, բայց վախնալով, որ հիւանդութիւնը կրնայ վարակիչ ըլլալ, գիւղի թիկունքին հիւղ մը կը շինեն ու զայն հոն կը տեղաւորեն։ Կինը ամեն օր պաշար կը տանի կը դնէ հիւղին առջեւ։  Գրիգոր կը մտածէ անձնասպան ըլլալ։ Կը նկատեն, որ Գիրգոր  հիւղէն դուրս չ՛երեւիր։ Կ՛երթան կը ստուգեն, որ մահամերձ վիճակի մէջ է։ Երրորդ օրը Գիրգոր դուրս կ՛ելլէ․ մարդը լաւ է, ինք եւս կը հաստատէ, որ երեք օր մահուան դուռը հասնելէ ետք ահա ոտքի է։ Կը պատմէ, որ անձնասպան ըլլալ կ՛ուզէր, գտեր է թունաւոր խոտ մը, կերեր է, որ շուտով մեռնի, բայց երեք օր մահաքունէ անցնելէ ետք ոտքի ելեր է։ Հարցուցեր են կերած խոտին մասին։ Չէ ուզած ըսել։ Չէ ըսած, ու 1947-ին ողջ-առողջ ներգաղթած է Հայաստան։  1964-ին գարատուրանցի Յովսէփ Աբոյեանը կ՛այցելէ Հայաստան, կը հանդիպի ազգական Գրիգորին ու կը հարցնէ խոտի մասին։ 

— Չեմ ըսեր,- կ՛ըսէ Գրիգորը,- ան թունաւոր խոտ է, կերայ, բայց զիս բուժեց, ուրիշին համար կրնայ մահացու ըլլալ։

Ժան Սաղտճեան, 90 տարեկան, լաւ ծանօթ է տեղանքին, կ՛ըսէ․

— Ես թիզ-թիզ կը ճանչնամ Պոշորտի արեւկող լեռը, տասնամեակներ հոն հօտեր արածած եմ, հոն միայն մէկ տեսակ թունաւոր խոտ կայ, սըմընն է ատիկա։