Մայիս 21-ին Աշոտ Դանիէլեանը միաձայն՝ 28 կողմ ձայնով, ընտրուած է Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ։
Ան եղած է միակ թեկնածուն եւ կը ներկայացնէ «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութիւնը։ Այս մասին «ՍիվիլՆեթ»ին յայտնած է Արցախի Ազգային ժողովի Պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, «Միասնական հայրենիք» խմբակցութեան պատգամաւոր Սեւակ Աղաջանեանը։
Արցախի 33 հոգինոց խորհրդարանի անդամներէն նիստին մասնակցած է 28-ը։ Նիստը կայացած է Երեւանի մէջ։
«Տասնօրեայ ժամկէտում Ազգային ժողովը կ՚անցկացնի նաեւ Արցախի նախագահի ընտրութիւնը»,- ըսած է Աղաջանեանը։
2023-ի յունիսին կայացած Արցախի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք սեպտեմբեր 9-ին Ազգային ժողովը նախագահ ընտրեց Սամուէլ Շահրամանեանը՝ մինչեւ հերթական ընտրութիւնները։ Նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները պիտի կայանային 2025-ին։ Սահմանադրական այս փոփոխութիւնը կատարուած էր 2023-ի ամռան եւ Ազգային ժողովին թոյլ տուած էր ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ երկրի նախագահ ընտրել։
2025-ի ապրիլ 15-ին Արցախի Ազգային ժողովը Երեւանի մէջ նիստ գումարած էր եւ ընդունած սահմանադրական փոփոխութիւններու նոր նախագիծ, որու շնորհիւ պիտի պահպանուի նախագահի հիմնարկը։
2023-ի հոկտեմբեր 3-ին Ատրպէյճանի կողմէ Դաւիթ Իշխանեանի գերեվարումէն ետք Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կը կատարէր Գագիկ Բաղունցը։
Արցախի նախագահի միակ թեկնածուն գործող նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանն է։