image
Հրատապ լուրեր:

Արեւելեան Թեմ. Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի կողմէ Ասթըր Կիւզէլեան յայատարարուեցաւ ՝ «Ազգային Առաջնորդարանի տարուան մարդ»

  Արեւելեան Թեմ. Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի  կողմէ Ասթըր Կիւզէլեան յայատարարուեցաւ ՝ «Ազգային Առաջնորդարանի տարուան մարդ»

 

Օրերս Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ յատուկ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ յաւարտ Սուրբ Պատարագի, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ պրն. Ասթըր Կիւզէլեանի Ազգային Առաջնորդարանի Տարուան Մարդը հռչակուելուն առիթով: Վկայութիւններ տրուեցան ճաշկերոյթի ընթացքին յիշելով որ պրն. Ասթըր Կիւզէլեան եղած է եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն եւ անոր ամուր սիւներէն մէկը, անցնող եօթ տասնամեակներուն ընթացքին:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի լրատւութենէն:

Ստորեւ հրապարակուած լուրը՝

Հինգշաբթի, 29 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի առաջին նիստէն ետք, Համբարձման տօնին առիթով յատուկ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ ։ Կրանիթ Սիթիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ այցելու հովիւ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան պատարագեց եւ քարոզեց։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ընթրիքի աւարտին, գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիրը։ Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետուհի Սոնիա Յակոբեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ գնդ. Արամ Սարաֆեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ։ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց Միութեան իր կազմակերպական անխոնջ աշխատանքին եւ հոգաբարձութեան՝ ժողովի կազմակերպութեան աջակցութեան համար, միաժամանակ գնահատելով երեսփոխաններուն ներկայութիւնը։

Այնուհետեւ, Հայր Սուրբը ներկայացուց չորս խօսողները, որոնք տարբեր սերունդներու վկայութիւնը բերին պրն. Ասթըր Կիւզէլեանի մասին, որ Ազգային Առաջնորդարանի Տարուան Մարդը հռչակուած էր։ Կիւզէլեան եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն մէկը եղած է ու անցնող եօթ տասնամեակներուն անոր ամուր սիւներէն մէկը։ Հոգեւոր հովիւը, Չարլզ Արսլանեան, Լիւսի Հիւսեան եւ Արամ Ուլիկեան հիացումի եւ դրուատիքի իրենց խօսքերը յայտնեցին անձի մը մասին, որ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ նուիրուածութեան տիպար մը հանդիսացած է։ Անոնք յիշեցին պրն. Կիւզէլեանի մեծ հօր խօսքերը, որոնք հասարակաց մտահոգութիւն մը եղած էին՝ «Մեզմէ ետք ո՞վ պիտի գայ», բայց սերունդէ սերունդ այդ մտահոգութիւնը յաղթահարուած է մինչեւ օրս, եւ մեծարեալի թոռները այսօր աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերեն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բարձրօրէն գնահատեց Կիւզէլեանը իբրեւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կնքահայրը եւ անոր բարգաւաճման մեծագոյն սատարողներէն մէկը, ինչպէս նաեւ որպէս Ազգային Առաջնորդարանի մնայուն բարեկամ եւ օժանդակ։

Մեծարեալը չկարողացաւ ներկայ ըլլալ հիւանդութեան պատճառով, եւ անոր անունով իր որդին՝ Մայքըլ Կիւզէլեան, որ ազգային երեսփոխան է, յուզիչ ուղերձ մը արտասանեց։