Ինքնաշարժի արկածէն մահացած է ռուսաստանաբնակ հայ բռնցքամարտիկ, Ռուսաստանի մարզանքի վարպետ Արտիոմ Միքայէլեանը։
Ողբերգական վթարը տեղի ունեցած է 16 յունուարին՝ երեկոյեան ժամը 6-ին, Թիւմէն-Օմսք դաշնային ճանապարհին վրայ։ Տեղեկութիւնը կը հաղորդէ Թիւմէնի բռնցքամարտի ֆետերացիան։
«Կը ցաւակցինք ընտանիքին, մերձաւորներուն եւ ընկերներուն»,–ըսուած է ֆետերացիայի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, որ Արտիոմ Միքայէլեանը Ռուսաստանի պատանիներու առաջնութեան յաղթող է, Եւրոպայի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր:
