image

Հայրենի արուեստագիտուհի Լուսինէ Կիրակոսեան հիւանդանոց փոխադրուած է

Հայրենի արուեստագիտուհի Լուսինէ Կիրակոսեան հիւանդանոց փոխադրուած է

ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի Լուսինէ Կիրակոսեանի առողջական վիճակը վատացած է, ան փոխադրուած է Էրեբունի բժշկական կեդրոն:

Էրեբունի բժշկական կեդրոնէն տեղեկացուցած են, որ դերասանուհին ուրբաթ օր շտապ օգնութեան ինքնաշարժով փոխադրուած է Էրեբունի ԲԿ, համապատասխան հետազօտութիւններ անցնելէն յետոյ ախտորոշուած է երկկողմանի թոքաբորբով, ան տեղափոխուած է վերակենդանացման բաժանմունք: 

Բժշկական կեդրոնէն հաղորդեցին, որ Կիրակոսեան երբ փոխադրուած է Էրեբունի բժշկական կեդրոն, արեան թթուածնային յագեցուածութիւնը ցած եղած է: Քանի մը հետազօտութիւն անցնելէն յետոյ տեղափոխուած է վերակենդանացման բաժանմունք, ուր կը շարունակէ մնալ:

Անոր վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր: