image

Հայրապետական տնօրինութիւն

Հայրապետական տնօրինութիւն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի 21 յունիսի տնօրինութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Կորիւն աբեղայ Առաքելեանն ազատուած է Ս. Գայիանէ վանքի վանահօր պարտականութիւններէն:

Այս առնչութեամբ Մայր Աթոռի լուսարարապետութեան թելադրուած է ապահովել Հայր Կորիւնի կեցութիւնը մայրավանքի մէջ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կարգապահական յանձնախմբին յանձնարարական տրուած է քննութեան առնել Տ. Կորիւն աբեղայ Առաքելեանի հետ առնչուած խնդիրները:

Նորին Սրբութեան տնօրինութեամբ Ս. Գայիանէ վանքի վանահայր նշանակուած է Հոգեշնորհ Տ. Մատթէոս վարդապետ Պօղոսեանը: