image

Պէտք է ռուսական կազը «վռնտենք» եւրոպական շուկայէն. Եւրոյանձնաժողովի նախագահ

Պէտք է ռուսական կազը «վռնտենք» եւրոպական շուկայէն. Եւրոյանձնաժողովի նախագահ

Նոր Եւրոյանձնաժողովը պիտի սկսի ռուսական հեղուկացուած բնական կազը դուրս մղել եւրոպական շուկայէն, որ ենթադրաբար պէտք է նուազեցնէ ուժանիւթատարի գիները։

Համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս եկած է կառոյցի վերընտրուած նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենը՝ ներկայացնելով Եւրոյանձնաժողովի ծրագիրը Եւրոխորհրդարանի նիստին, որու մասնակիցները պէտք է հաստատեն նոր եւրոյանձնակատարները։

«Մենք պէտք է ռուսական բնական կազը «վռնտենք» եւրոպական շուկայէն եւ մեծ ներդրումներ կատարենք կանաչ ուժանիւթի մէջ՝ մեր արդիւնաբերութեան եւ սպառողներու համար գիներն իջեցնելու համար», -ըսած է ան: