image

Կիպրոսի մէջ. Հիմնադրութիւն՝ Համազգայինի Լիմասոլի Մասնաճիւղին

Կիպրոսի մէջ. Հիմնադրութիւն՝  Համազգայինի Լիմասոլի Մասնաճիւղին

Օրերս, Կիպրոսի Լիմասոն քաղաքին մէջ համազգայնականներու կողմէ հիմը դրուած է Համազգայինի Լիմասոլի մասնաճիւղին, որու մասին յայտարարուած է նորակազմ Մասնաճիւղի Ա․ Անդամական Ընդհանուր Ժողովին, ընտրուած է նաեւ վարչութիւն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Կիպրոսի «Համազգային»ի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւբրապէս, գրուած է՝

Համազգայինի Լիմասոլի նորակազմ Մասնաճիւղի Ա․ Անդամական Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 23 Նոյ․ 2024-ին Լիմասոլի Ս․ Գէորգ Եկեղեցիի սրահին մէջ։

Ժողովը ուրախութեամբ ողջունեց Լիմասոլի մասնաճիւղի կազմութիւնը եւ որոշեց Լիմասոլի մէջ քայլ առ քայլ զարգացնել մշակութային գործունէութիւն, կազմակերպելով Երգչախումբ, Մշակութային Երեկոներ, համերգներ, հասութաբեր ձեռնարկներ, իսկ պատանիներու համար՝ թատերական աշխատանքներ ու գեղարուեստի դասընթացքներ։

Ընդհանուր Ժողովը որոշեց նաեւ իր բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը ընծայել Լիմասոլի «Կիլիկիա» Պարախումբին, որ մաս կը կազմէ շրջանի Համազգայինի Պարի Միաւորին։

Ժողովի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ վարչութիւն, բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն. Վարդինէ Էթոյեան (Ատենապետ), Անահիտ Սողոմոնեան (Ատենադպիր), Թորոս Փիլիպոսեան (Գանձապահ), Կարինէ Աբգարեան եւ Սեպուհ Արմենակեան: