image
Հրատապ լուրեր:

Լաթաքիոյ մէջ. Կիրակնամուտի երեկոյեան ժամերգութիւն եւ աղօրհնէք

Լաթաքիոյ մէջ. Կիրակնամուտի երեկոյեան ժամերգութիւն եւ աղօրհնէք

Օրերս, գլխաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Լաթաքիոյ Ս. Աստոուածածին եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ կատարուած է Կիրակնամուտի երեկոյեան ժամերգութիւն եւ աղօրհնէք:

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ, մասնաւորապէս, կը գրէ՝

Շաբաթ, 16 Նոյեմբեր 2024-ին, գլխաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Լաթաքիոյ Ս. Աստոուածածին եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ կատարուեցաւ Կիրակնամուտի երեկոյեան ժամերգութիւն եւ աղօրհնէք:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգ. վարչութեան անդամ տիար Արմէն Գասպարեան եւ շրջաններու պատասխանատուներ, երեկոյեան ժամը 16։00-ին ժամանեցին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեանի, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ: Դպրաց դասը եւ դպիրները թափօր կազմեցին եւ «Ուրախ Լեր» ու «Հրաշափառ» շարականներու երգեցողութեամբ ու զանգերու ղօղանջներով Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի եւ կատարեց «Վասն Երկրպագութիւն Եկեղեցւոյ» աղօթքը, ապա Կիրակնամուտի երեկոյեան ժամերգութիւն։ Աւարտին տեղի ունեցաւ աղօրհնէքի աղօթք։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով ու «Պահապանիչ»-ով հաւատացեալները խաղաղութեամբ արձակուեցան: