image

Սուրբ Աստուածածնայ տօնին ընդառաջ. Աղօրհնէք եւ Հայրապետական Օրհնութիւն Պիքֆայայի մէջ

Սուրբ Աստուածածնայ տօնին ընդառաջ. Աղօրհնէք եւ  Հայրապետական  Օրհնութիւն  Պիքֆայայի մէջ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով նաեւ կը նշենք Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրը: Այս առիթով, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը, ամբողջ շաբթուան ընթացքին, կը կազմակերպէ հոգեւոր լսարաններ, որոնց ընթացքին կը կատարուին հոգեւոր խորհրդածութիւններ, աղօթասացութիւններ եւ սաղմոսասացութիւններ:

 

Առ այդ, 12-16 օգոստոս 2024-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Կիլիկեան ուխտի երիտասարդ միաբան հայրեր աւելի քան 200 ուխտաւոր հաւատացեալներու փոխանցեցին ուխտի շաբթուան հոգեւոր սնունդը: Իւրաքանչիւր օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ խունկի, ջուրի, իւղի եւ հացի օրհնութեան կարգ:

 

Ուխտի շաբթուան աւարտին, ուրբաթ, 16 օգոստոսի առաւօտեան, եկեղեցական արարողութենէն ետք, ուխտաւոր հաւատացեալները բարձրացան Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական անդաստանի եւ աղօրհնէքի արարողութիւնները: Ապա, հաւատացեալները ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն