image

«Հայաստան» խմբակցութիւնը պիտի քննարկէ Գեղամ Նազարեանի «հետագայ գործունէութեան հարցը»

«Հայաստան» խմբակցութիւնը պիտի քննարկէ Գեղամ Նազարեանի «հետագայ գործունէութեան հարցը»

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը պիտի քննարկէ պատգամաւոր Գեղամ Նազարեանի «հետագայ գործունէութեան հարցը»։ Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է  Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Ագնեսա Խամոյեանը:

«Գեղամ Նազարեանի վերջին յայտարարութիւնը, թէ Նիկոլ Փաշինեանին հեռացնելու օրակարգ չկայ, իր անձնական ընկալումներն են, որը բնականաբար չի արտայայտում «Հայաստան» խմբակցութեան տեսակէտը։

Մեր թիւ մէկ օրակարգը ինչպէս եղել, այնպէս էլ մնում է այս իշխանութիւններին հեռացնելը, եւ բնական է, եթէ խմբակցութեան որեւէ պատգամաւոր չի կիսում այդ գաղափարը, հարցը պէտք է դառնայ քննարկման առարկայ։

Խմբակցութիւնը Գեղամ Նազարեանին մանդատը վայր դնելու «խնդրանքով» չի կարող դիմել, բայցեւ ակնյայտ է, որ քննարկուելու է խմբակցութիւնում պարոն Նազարեանի հետագայ գործունէութեան հարցը:

Թէ ինչ կ՚որոշուի խմբակցութեան նիստից յետոյ, պարզ կը լինի միայն նիստից յետոյ։ Նիստի ժամկէտների մասին յաւելեալ տեղեկութիւններն՝ աւելի ուշ»,- գրած է Խամոյեանը:

Նշենք, որ լրատուամիջոցները, աւելի վաղ, տեղեկութիւն հրապարակեցին, որ չի բացառուիր` խմբակցութիւնը դիմէ Գեղամ Նազարեանին մանթատը վար դնելու հարցով, քանի որ երկար ժամանակ է՝ ան աշխուժ շփումներու մէջ է իշխանականներու հետ, վերջերս ալ Վիեթնամ մեկնած էր եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ լուսանկարուած նաւու վրայ:

Նշենք, որ ըստ լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն` Գեղամ Նազարեանը Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի ու խումբ մը ՔՊ-ական պատգամաւորներու հետ Վիեթնամ այցելութենէն ետք յայտարարած էր, թէ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացման հարց օրակարգի վրայ չկայ։