Պաշտօնական եւ ժողովրդային հանդիսութեան մը ընթացքին լիբանանցի ժողովուրդն այսօր յարգանքի վերջին տուրք մատուցեց լիբանանեան բանակի զոհուած զինուորներու յիշատակին, որոնք 3 տարիներ առաջ առեւանգուած ու ապա սպաննուած էին «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման ձեռամբ: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը հաղորդելով նաեւ, որ Լիբանանի տարածքին այսօր յայտարարուած է «Սուգի օր»:
Ըստ աղբիւրին այսօրուան կեդրոնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին դիմաց, ուր յարգանքի տուրք մատուցելու համար նոյնպէս ներկայ եղան երկրի առաջին դէմքերը՝ գլխաւորութեան Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի:
Նոյն ծիրին մէջ եւ ըստ «Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրին, այսօր նոյնպէս իրենց դռները փակ պահած են Լիբանանի հայահոծ շրջանները: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ մասնաւոիրապէս Պուրճ Համուտի, Նոր Հաճընոյ, Խալիլ Պատաուիի, Զալքայի Անթիլիասի եւ Այնճարի հայկական շրջաններուն մէջ եւս զգալի է սուգի մթնոլորտը:
Նշենք, որ ՀՅԴ եւ ՍԴՀԿ երէկ յատուկ թռուցիկներ բաժնելով լիբանանահայերուն յիշեցուցած էին այսօրուան «Սուգի օր»ուան մասին եւ անոնցմէ խնդրած այս առթիւ փակել իրենց հաստատութիւններն ու վաճառատուները: