image

«Հըզպալլա»-ն եւ լիբանանցիները ծանր գին վճարած են, բայց պիտի շարունակեն պայքարն ընդդէմ Իսրայէլի. յայտարարութիւն

«Հըզպալլա»-ն եւ լիբանանցիները ծանր գին վճարած են, բայց պիտի շարունակեն պայքարն ընդդէմ Իսրայէլի. յայտարարութիւն

Լիբանանի «Հըզպալլա» շարժումը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ խոստանալով շարունակել պայքարը Իսրայէլի յարձակման դէմ: Յայտարարութիւնը եղած է «Հըզպալլա»-ի դաշնակից, պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորման կողմէ 2023-ի հոկտեմբեր 7-ին Իսրայէլի վրայ յարձակման առաջին տարելիցի կապակցութեամբ. այս յարձակումը պատերազմի պատճառ դարձաւ Կազայի հատուածին մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «Հըզպալլա»-ն եւ լիբանանցիները «ծանր գին» վճարած են հոկտեմբեր 8-ին յանուն Կազայի «աջակցութեան ճակատ» բանալու որոշման համար, սակայն զինեալները կը շարունակեն հաստատակամ մնալ իրենց որոշման մէջ, գրած է Al Arabiya-ն:

«Մենք վստահ ենք Իսրայէլի յարձակման հակազդելու մեր դիմադրութեան կարողութեան մէջ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ Իսրայէլն անուանած են «քաղցկեղային գեղձ, որ պէտք է վերացուի, անկախ անկէ, թէ որքան ժամանակ այդ կը պահանջէ»: